Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը այս շաբաթավերջին իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին անուանի երկու ակումբները` Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Լիվըրփուլը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 յունուարին, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
«Լիվըրփուլ-էչօ» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցումին իրաւարար նշանակուեցաւ Մայքըլ Օլիվըր:
31 տարեկան անգլիացին նախորդ տարեշրջանին եւս եղած է այս մրցումին իրաւարարը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր յաղթած է (3-1): Սակայն այս տարեշրջանին ընթացքին Օլիվըրի սուլած չորս մրցումներուն ընթացքին ալ Լիվըրփուլ յաղթական դուրս եկած է: