Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Նըմուր Քուրա մրցումը:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, պիտի կատարուի Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա- Մար Ռուքոզ):
Իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը ախոյեանութեան աւարտին վերստին Բ. դասակարգ բարձրանալու առիթ ունի:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբը նախորդ մրցումներուն նման այսօր եւս շարունակէ իր յաղթանակներու շարքը: