Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ շատ հաւանաբար 12 փետրուարին Անթալիոյ մէջ նախապէս յայտարարուած Հայաստան-Ուզպեքիստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումը չկատարուի:
Սակայն այս առնչութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մօտիկ ապագային պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ:


