Վաղը` շաբաթ, 14 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի պատուէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ Քանատայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի թեքուանտոյի ախոյեանութեան:
Ատկէ բացի, տեղի պիտի ունենայ փրոթոքոլային համաձայնագիրի կնքում մը` Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանատան եւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին միջեւ: