Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ մնաց 86-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 412 կէտ:
Նախորդ դասաւորման հրապարակումէն ետք, հայրենի կազմը որեւէ մրցում չկատարեց:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 26 մարտին, երբ Երեւանի մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանը: