«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ միջազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ հրապարակեց Պէյճինկ-2008-ի եւ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիական խաղերուն խթանիչ դեղերու գործածութեան համար որակազրկուած մարզիկներուն անունները:
Անոնց կարգին է նաեւ 2008-ի Միացեալ Նահանգներու ախոյեան, ծանրաբարձ Նորայր Վարդանեան, որ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնէր Հայաստանը: Ան 94 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց 11-րդ դիրքը:
Յայտնենք, որ Նորայր Վարդանեան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան, ողիմպիականի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի որդին է: