Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանը կը սկսի այսօր` ՀՄԸՄ-Շանվիլ բացման մրցումով:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` արձանագրելով 7 յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը: Իսկ Շանվիլ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 5 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի կիրարկելով խմբային խաղաոճ արձանագրել տպաւորիչ յաղթանակ մը` իր կողքին ունենալով խումբին համակիրները:
8-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Մութթահետ «Սաֆատի» համալիրին մէջ հիւրընկալեց Սաժեսը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւսիսային կազմին յաղթանակով` 98-75 արդիւնքով (20-12, 48-21, 69-46 եւ 98-75):
Մրցումի որոշ հանգրուանին Մութթահետ կրցաւ ունենալ 33 կէտի առաւելութիւն մը (54-21):
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Թերել Սթոկլին նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (30): Անոր խմբակից Իվան Ճոնսըն նշանակեց 21 կէտ:
Մութթահետէն Մելվին Քլիվլենտ նշանակեց 23 կէտ, Ռամել Քարի` 22 կէտ, իսկ Տենզըլ Պոըլզ` 18 կէտ:
Նշենք, որ Մութթահետ արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը` 4 պարտութիւններու կողքին, մինչ Սաժես կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը` 3 յաղթանակներու կողքին: