Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Իրաւաբաններու սենտիքային դէմ, 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 5-0):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհաննէսեան, Մհեր Սիւրմանեան (3 կոլ), Կարէն Մխիթարեան, Ներսէս Գուլաճեան, Աւետիս Տոնպուրեան (3 կոլ) եւ Կարապետ Սլիխանեան: