Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 յունուարին Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն, Ռաուտայի եւ Ֆանարի ակումբներէն զանոնք պիտի փոխադրեն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ մարզիկներէն կ՛ակնկալուի կիրարկել խմբային խաղաոճ` յաղթանակը միասնաբար կերտելու համար: