
«Սքայ Սփորթս» կը հաղորդէ, որ 72 տարեկան Կրեհեմ Թէյլոր, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն էր, մահացաւ երէկ:
Ան 1990-էն 1993 եղած է Անգլիոյ մարզիչը` իր կազմին հետ արձանագրելով 18 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրելով 7 պարտութիւն:
Ան եղած է նաեւ Ուաթֆորտի, Ասթոն Վիլայի, Լինքոլն Սիթիի եւ Վուլվզի մարզիչ:


