Մարզական

Աթլեթիզմ. Իսքանտար Սիուֆի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցան վազքի տարբեր տեսակի եւ տարիքի մրցումներ: Ժամհուր ակումբին մաս կազմող Իսքանտար Սիուֆի փոքրերու դասակարգին մէջ 300 մեթր վազքի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 39''57 արդիւնք մը:  

Պասքեթպոլ.  «Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքը Տեղի Կ՛ունենայ Բաւական Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Պասքեթպոլ. «Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքը Տեղի Կ՛ունենայ Բաւական Մեծ Հետաքրքրութեամբ

PROFOTO Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով` «Սփոր Էվազիոն»-ի կազմակերպած տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ «Սաժես հայ սքուլ» վարժարանին մէջ (Այն Նաժըմ), կ՛ընթանայ բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 8 խումբերը. Ա. խմբակ Աուտէ դրամատուն, Խուրի-Հոմ, «Սէ. Ի. Թէ.» եւ Պլոմ դրամատուն: Բ. խմբակ.- «Պի. Պի. Այ.», Նովարթց, Պիութիք եւ Տար Հանտասէ: Մինչեւ հիմա տեղի ունեցած մրցումներուն Պի....

Մոտրիչ` Խրուաթիոյ 2016 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ 5-րդ անգամ ըլլալով ճանչցուեցաւ Խրուաթիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Նշենք, որ նախորդ տարիներուն նման Խրուաթիոյ 2016-ի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութիւնը կատարեց նախկին ֆութպոլիստներէն կազմուած յանձնախումբ մը: 31 տարեկան Մոտրիչ, որ ապահովեց 110 կէտ կրկնեց նախապէս Տատօ Փրսոյի կողմէ 2004-ին հաստատուած մրցանիշը:

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Նկատի ունենալով անցնող օրերուն ընկերային ցանցերու էջերու վրայ յոյժ լարուած մթնոլորտը ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի համակիրներուն միջեւ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ՀՄԸՄ-ի բոլոր համակիրներուն, որ առաւելագոյնս զգաստ եւ զուսպ գտնուին, որպէսզի կացութիւնը աւելիով չբարդանայ եւ մարզախաղի սահմաններուն մէջ մնայ մրցակցութիւնը երկու կողմերուն միջեւ: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց պատահածը եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս գծով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա Յաղթական` «Նուհատ Նաուֆալ» Համալիրին Մէջ

Այսօր` Մութթահետ-Սաժես Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Թատամոն, որ «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք) հիւրընկալեց Մէյրուպան, երեք կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց անկէ` 104-101 արդիւնքով (29-28, 50-55, 76-74 եւ 101-104): Պէտք է ըսել, որ մրցումը եղաւ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, մանաւանդ որ անիկա միշտ ալ ընթացաւ համահաւասար պայքարով:...

«Մխիթարեան Արժանի Է Աւելի Մեծ Յարգանքի» Կ՛ըսէ Համան

Լիվըրփուլի գերմանացի նախկին ֆութպոլիստ Տիեթմար Համան երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջին շրջանին Մանչեսթըր Եունայթըտի յաջող ելոյթներուն մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որուն համար ան աւելի մեծ յարգանքի արժանի է: «Ան մեծապէս նպաստեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ վերստին գտնէ իր անցեալի զօրաւոր կազմը, որուն համար ան աւելի մեծ յարգանքի արժանի է: Անոր միջոցով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 14 Յունուարին Կը Սկսի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 14 յունուարին: 16 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ: Ստորեւ` կու տանք Ա. հանգրուանին յայտագիրը. Ա. խմբակ   ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շաբաթ, 14 յունուար.-     Ըխուաթ Հատաս - Ահիա Ռիատա 19:00 Քֆարշիմա Երեքշաբթի, 17 յունուար.-     Ֆէյթրուն...

Ռիատի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Եւ Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լսելէ ետք Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ տղոց պասքեթպոլի մրցումին ֆետերասիոնին հսկող անձին փոխանցած տեղեկութիւնները, ֆետերասիոնը 6.250.000 լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկեց եւ մէկ մրցումով կախակայեց Ռիատին, որ իր դաշտին վրայ կատարելիք իր առաջին յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` դռնփակ: Ֆետերասիոնը այս որոշումին յանգեցաւ, որովհետեւ Ռիատիի համակիրները, հայհոյեցին եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցան օրուան իրաւարարներուն,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, Նըժմէ եւ Հուփս ակումբները (կրտսերներու ախոյեանութիւն) մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկեց` նկատի ունենալով, որ անոնց համակիրները անկարգապահ գտնուած էին: Հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, որ պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (ԴԱՐՁԻ ՍԿԻԶԲ)   ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ուրբաթ, 13 յունուար  ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանը Պարտուեցաւ, Փոխախոյեանը Յաղթեց. Հարտեն Դարձեալ Կը Նշանակէ 40 Կէտ

Տեմար Տերոզա «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, գործող ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Եութա Ճեզին, 100-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ: Փոխախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, արձանագրեց 107-95 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզ) եւ Հասսան Ուայթսայտ (Հիթ) նշանակեցին 28-ական կէտ: Ճէյմս Հարտեն Հիուսթըն Ռոքեթցի...

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Ամանորեան տօներուն հետ կապուած կարճատեւ դադարէն ետք, Արարատ Երեւան Արկադի Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ վերսկսաւ իր փորձերուն Ձորաղբիւրի համալիրին մէջ` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին: Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ տեղի պիտի ունենան նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ, որոնց առաջինը շատ հաւանաբար` Փիւնիկի դէմ (27 յունուարին):

Արթուր Սարգիսով Տեղափոխուեցաւ Ենիսէյ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով տեղափոխուեցաւ Ենիսէյ Քրասնոյարսք, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ ռուսական ակումբին, մինչեւ մայիս 2018 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անոր հետ: Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ենիսէյ այժմ 34 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը: Նշենք, որ Սարգիսով վերջերս հեռացաւ Սարանսքի Մորտովայէն, որուն հետ 2016-էն...

Զենիթ Եւ Քրասնոտար Կը Հրաժարին Ուսումնամարզական Հաւաքի Համար Թուրքիա Մեկնելէ

Ռուսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ ռուսական ֆութպոլի երկու խումբեր` Զենիթ եւ Քրասնոտար, կը հրաժարին Թուրքիա մեկնելէ` այդտեղ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար: Թուրքիոյ փոխարէն անոնք իրենց հաւաքը պիտի կատարեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ` պատրաստուելու համար Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն: Ուսումնամարզական հաւաքի վայրի փոփոխութեան հարցը բնականաբար կապուած է Թուրքիոյ մէջ տիրող ապահովական անկայուն իրավիճակին հետ: Նշուեցաւ նաեւ, որ...

Գեղամ Կադիմեան Հեռացաւ Լվովէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գեղամ Կադիմեան, որ տարի մը առաջ Օլիմփիք Տոնեցքէն փոխանցուած էր Լվով, 5 այլ ֆութպոլիստներուն հետ հեռացաւ իր ակումբէն: Ներկայիս անորոշ է, թէ ան ի՞նչ պատճառով լքեց իր ակումբը: Այժմ ֆութպոլիստը ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի:

Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը. Վորօ Կոնզալես` Վալենսիայի Մարզիչ

«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Վորօ Կոնզալես պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը: Ան պիտի փոխարինէ իտալացի Չեզարէ Պրանտելլին, որ երեք ամիս պաշտօնավարելէ ետք հեռացաւ խումբէն: Նշենք, որ 53 տարեկան Վորօ նախապէս եւս Վալենսիան գլխաւորած էր (ժամանակաւորապէս) Կերի Նեւիլի հեռանալէն ետք: Նշենք, որ«Լաւ Լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Վալենսիա 13 կէտով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. 8 յունուար 2017-ին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ մրցում` Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ: Լիբանանի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի տիտղոսակիրին եւ 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւողի միջեւ այս մրցումը պիտի ըլլար մարզախառն իւրայատուկ «հարսանիք», եթէ չըլլար կարգ մը երիտասարդներու ոչ մարզավայել կեցուածքը:...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Երէկ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան: Հանդիպումին ընթացքին Քախիա շնորհաւորեց նախարարը` իր նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով, ինչպէս նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ֆետերասիոնին տարած բոլոր աշխատանքներուն մասին: Իր կարգին, նախարարը շնորհաւորեց...

Կռփամարտ. 2016-ի Առաջին Ուսումնամարզական Հաւաքը

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը նոր տարեշրջանին համար սկսաւ իր նախապատրաստութեան, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքականը 6 յունուարին մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ սկսաւ իր հաւաքին` Ծաղկաձորի մէջ: Հաւաքին կը մասնակցին 32 մարզիկներ: Դաւիթ Թորոսեանի հետ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ հաւաքականի երկրորդ մարզիչը` Վահան Ադիլխանեան: Նախատեսուած է, որ հաւաքը տեւէ մինչեւ 20 յունուար:

«Էն.Պի.Էյ.». Օրլինզ, Օքլահոմա Եւ Վուլվզ` Յաղթական

Անթոնի Տէյվիս (աջին) «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Նիւ Եորք Նիքա, որ հիւրընկալեց Նիւ Օրլինզը, 110-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 40 կէտ եւ 18 ռիպաունտ: Շիքակոյի մէջ, Պուլզ իր կարգին պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն, 109-84 արդիւնքով: Սթիւըն Էտըմզ (Օքլահոմա) եւ Տուայն Ուէյտ (Պուլզ) նշանակեցին 22-ական կէտ: Վերջապէս,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Մէյրուպա

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 11 յունուարին, Թատամոն կը մրցի Մէյրուպայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ միեւնոյն ժամուն «Սաֆատի» համալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ կը մրցի Սաժեսի դէմ: Դասաւորումը այժմ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.   Յաղթ. Պարտ. 1.-...

Page 1024 of 1277 1 … 1,023 1,024 1,025 … 1,277

Արխիւներ