«Պիլտ» կը հաղորդէ, որ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի, Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆանչիսկոս պապին կողմէ:
36 տարեկան կռփամարտիկը սրբազան քահանայապետին նուիրեց այն ձեռնոցները, որոնցմով կը մասնակցի ախոյեանութեան մրցումներու:
«Ես Հռոմի պապին պատմեցի իմ արհեստավարժ ասպարէզիս մասին եւ անոր յայտնեցի, որ ես հաւատացեալ եմ: Հրաժեշտ տալով` պապը ինծի յաջողութիւն մաղթեց», ըսաւ Աբրահամ: