Մարզական

Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Պաղեստինի` 99-75 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2017-ի Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (ՈՒԱՊԱ), երէկ յետմիջօրէին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 99-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պաղեստինը: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, Լիբանան բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Իրանի դէմ: Կը կարծուի, որ երկու...

Մուրինիօ. «Ուրախ Ենք, Որ Մխիթարեանը Մեզի Հետ Է»

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, Ուիկընի դէմ իր կազմին արձանագրած վերջին յաղթանակէն ետք (4-0), անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի խաղարկութեան, ըսաւ. «Երբ ան միացաւ խումբին, թէ՛ մենք եւ թէ՛ ինք գիտէինք, որ ան պատրաստ է: Ան շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ խումբին վրայ` կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուելէ եւ կարճ ժամանակով ֆութպոլի դաշտերէն...

Ճատրակ. Արոնեան Բաժնեց 3-5-րդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Հոլանտայի մէջ աւարտեցաւ Վիյք աան Զիի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը: Անոր մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան: 13-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Արոնեան պարտուելով Տմիթրի Անտրէյքինէն (Ռուսիա), 7,5 կէտով բաժնեց 3-5-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով ան հանդիսացաւ 4-րդ: Տիտղոսին տիրացաւ Ուեսլի Սօ, որ ապահովեց 9 կէտ: Մակնուս Քարլսըն անկէ ետ մնաց մէկ կէտով:

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզ Պարագլուխի Դիրքը Խլեց Քերպըրէն

Ֆետերեր Բարձրացաւ 10-րդ Դիրք Երէկ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը: Աւստրալիոյ մէջ տիտղոսակիր հանդիսացած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, 20 շաբաթ սպասելէ ետք գերմանացի Անճելիք Քերպըրէն խլեց պարագլուխի դիրքը: Իսկ տղոց պարագային տիտղոսակիր Ռոժէ Ֆետերեր բարձրացաւ 10-րդ դիրք: Ստորեւ` առաջին 10-ին նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած նախկին դիրքերը). ԱՂՋԻԿՆԵՐ    ԿԷՏ 1.- (2) Սերենա...

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Գեղասահորդներուն Վերջնական Արդիւնքները

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Գեղասահորդներուն Վերջնական Արդիւնքները

Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան մենասահքի մէջ գրաւեց 21-րդ դիրքը կարճ եւ ազատ ելոյթներուն մէջ` ստանալով 180,78 կէտ: Ախոյեան հանդիսացաւ սպանացի Խաւիէ Ֆեռնանտես (294,84 կէտ): Զոյգի պարի ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան - Սիմոնալ Սենեկալ զոյգը 128,05 կէտով գրաւեց 19-րդ դիրքը: Տիտղոսակիր հանդիսացան Ֆրանսայի ներկայացուցիչները (189,67 կէտ): Նշենք, որ աղջկանց...

Անթալիոյ Մէջ. Ալաշկերտ Պիտի Մրցի Ուզպեքիստանի Ազգային Խումբին Դէմ

Վաղը` չորեքշաբթի, 1 փետրուարին Ալաշկերտ Երեւան ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով կը մեկնի Անթալիա: Նախապէս նշուած էր, որ Հայաստանի ախոյեանը Անթալիոյ մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցում: Սակայն տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը: 9 փետրուարին Ալաշկերտ ոչ թէ պիտի մրցի ղազախական Աթիրաուն խումբին դէմ, այլ` Ուզպեքիստանի ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Մանչեսթըրեան Տերպին Պիտի Յետաձգուի` Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցումի Աւարտականին Համար

Անգլիական «Միրըր» թերթը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի յետաձգուի եւ տեղի պիտի ունենայ ապրիլին: Սկզբունքով մանչեսթըրեան տերպին տեղի պիտի ունենար 26 փետրուարին: Սակայն նկատի ունենալով, որ նոյն այդ օրը Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ մրցում մը ունի կատարելիք Սաութհեմփթընի դէմ` Անգլիոյ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Նիքս – Հոքս Մրցումը Աւարտեցաւ… 4-րդ Երկարաձգումէն Ետք

«Էն. Պի. Էյ.». Նիքս – Հոքս Մրցումը Աւարտեցաւ… 4-րդ Երկարաձգումէն Ետք

Աթլանթա Հոքսի մարզիկները «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 30 յունուարին, տեղի ունեցաւ բաւական ուշագրաւ մրցում մը, որուն ընթացքին Աթլանթա Հոքս 142-139 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին... 4-րդ երկարաձգումէն ետք միայն: Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ 39 վայրկեան, երկու վայրկեանով աւելի Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի տղոց մրցաշարքի աւարտականէն: Քարմելօ Անթոնի Թէեւ Նիքսին...

Ափրիկեան Երկիրներու Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Յստակացան Կիսաւարտականի Հասնող Խումբերը

Ափրիկեան Երկիրներու Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտականի Հասնող Խումբերը

Նախորդ շաբաթավերջին ամբողջացան ափրիկեան երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականի հասնող խումբերը: Մահմուտ Քահրապայի նշանակած կոլին շնորհիւ, Եգիպտոս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մարոքի: Եօթը անգամ այս տիտղոսին տիրացած Եգիպտոս իր միակ ուշացած կոլը նշանակեց 87-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Եգիպտոս վերջին անգամ Մարոքին յաղթած էր 31 տարի առաջ: Եգիպտոս վաղը` չորեքշաբթի, 1 փետրուարին պիտի մրցի...

Հենտպոլ. Ֆրանսա 6-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Տղոց հենտպոլի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Ֆրանսան եւ Նորվեկիան, աւարտեցաւ հիւրընկալ երկրին` Ֆրանսայի յաղթանակով, 33-26 արդիւնքով: Այսպիսով, Ֆրանսա 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան (մրցանիշ մը):

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ` 2-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Շապապ Արապիի, կրեց տարեշրջանի իր 8-րդ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Մրցումին մինչեւ 65-րդ վայրկեանը թէեւ խումբերը չյաջողեցան կոլ նշանակել, սակայն մրցակից կազմը 65-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը, իսկ 85-րդ վայրկեանին նշանակեց իր երկրորդ կոլը: Աւարտէն 2 վայրկեան առաջ, Ճոնի Քոնճեան նշանակեց...

Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան 40 Կէտի Տարբերութեամբ (86-46) Յաղթեց Իրաքի

Այսօր` Լիբանան - Պաղեստին Լիբանան - Իրաք երէկուան մրցումէն Երէկ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 6 խումբերու, որոնց կարգին` Լիբանան: Մայրիներու երկրին կազմը երէկ շատ մեծ յաղթանակով մը սկսաւ այս ախոյեանութիւնը, երբ 40 կէտի տարբերութեամբ` 86-46 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի: Լիբանան առաջին քորթըրը 12 կէտի առաւելութեամբ (23-11) աւարտելէ ետք, Ա. կիսախաղը աւարտեց 19 կէտի առաւելութեամբ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Հենրիխ Մխիթարեանի Կոլը Նպաստեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Յաղթանակին (4-0)

Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Դ. հանգրուանի մրցումները: Տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ առանց դժուարութեան հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. դասակարգին մաս կազմող Ուիկըն Աթլեթիքը: Աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց Եունայթըտի երրորդ կոլը: Մխիթարեան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Պհամտունի դաշտին վրայ մրցում մը ունէր կատարելիք Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ: Սակայն նկատի ունենալով, որ Պհամտունի դաշտը բաւական վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, այս մրցումը յետաձգուեցաւ: Յայտարարուեցաւ, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 9 փետրուարին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 3 Փետրուարին` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ուրբաթ, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:  

Նշանառութիւն. Արաբական Ախոյեանութիւն. Ռէյ Պասիլ Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Ռէյ Պասիլ (ձախին) Նախորդ շաբաթավերջին Քուէյթի մէջ սկսան տղոց եւ աղջկանց նշանառութեան արաբական 13-րդ ախոյեանութեան մրցումները, որոնք կ՛աւարտին 3 փետրուարին: Աղջկանց մրցումներուն, Ռէյ Պասիլ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը` կատարելով բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը: Առաջին հանգրուանին ան 75 հարուածներէն 68-ն հասցուց իրենց նպատակին, իսկ երկրորդին` 15-էն 11-ը: Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ,...

Ըմբշամարտ. Կարէն Ասլանեան, Մաքսիմ Մանուկեան Կարապետ Չալեան` Ոսկի Մետալակիրներ

Փարիզի մէջ սկսած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի առաջին օրը յաջող եղաւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար: Կարապետ Չալեան (75 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ) դարձան ոսկի մետալակիրներ, իսկ Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ) արժանացաւ պրոնզ մետալին: Իսկ այս մրցաշարքին երկրորդ օրը Հայաստան տիրացաւ այլ ոսկի մետալի մըն ալ` շնորհիւ Կարէն Ասլանեանի (66 քկ): Գէորգ Ղարիբեան (56 քկ) յաջողեցաւ հասնիլ քառորդ աւարտական,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Սպանիոյ մէջ, օգտուելով Սեւիլլայի կրած պարտութենէն եւ Պարսելոնայի արձանագրած հաւասարութենէն, Ռէալ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Ռէալ Սոսիետատին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` չորս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոնց երկուքին վրայ: Աւելի քան 66 հազար համակիրներու ներկայութեան, Մաթէօ Քովասիչ (38-րդ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (51-րդ) եւ Ալվարօ Մորաթթա (82-րդ)...

Ֆութսալ. Եւրոպայի 2018-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը Եւ Դուրս Մնաց

Երէկ` կիրակի, 29 յունուարին, Լաթվիոյ Ելքաւա քաղաքին մէջ աւարտեցան Եւրոպայի 2018-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի Գ. խմբակին մրցումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկրէն` Լաթվիայէն 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը կ՛անցնէր յաջորդ հանգրուան: Այս խմբակին մէջ...

Թենիս.  Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Սերենա Ուիլիըմզ Տիտղոսակիրներ` Աւստրալիոյ Մէջ

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Սերենա Ուիլիըմզ Տիտղոսակիրներ` Աւստրալիոյ Մէջ

Ռոժէ Ֆետերեր Երէկ` կիրակի, 29 յունուարին աւարտեցաւ 2017 տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային` Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը, 17-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի եւ 9-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի միջեւ: Տիտղոսին տիրացաւ Ֆետերեր, որ 6-4, 3-6, 6-1, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ Աւստրալիոյ իր 5-րդ եւ իր արհեստավարժ ասպարէզի 18-րդ կրան շլեմի...

Page 1016 of 1277 1 … 1,015 1,016 1,017 … 1,277

Արխիւներ