
Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Դ. հանգրուանի մրցումները:
Տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ առանց դժուարութեան հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. դասակարգին մաս կազմող Ուիկըն Աթլեթիքը:
Աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց Եունայթըտի երրորդ կոլը:
Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Սակայն Լիվըրփուլ, Ուաթֆորտ, Հալ Սիթի եւ Լիծ Եունայթըտ պարտութիւններ կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Աւելի քան 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լիվըրփուլ իր դաշտին` «Էնֆիլտ»-ի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Վուլվզէն (Ա. դասակարգ):
Նշենք, որ այս մրցաշարքին վերակազմաւորումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով 90 տարուան մէջ երկու ոչ արհեստավարժ խումբեր` Սաթըն Սիթի եւ Լինքոլն Սիթի, կրցան շարունակել մրցաշարքը եւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան:


