Անգլիական «Միրըր» թերթը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի յետաձգուի եւ տեղի պիտի ունենայ ապրիլին:
Սկզբունքով մանչեսթըրեան տերպին տեղի պիտի ունենար 26 փետրուարին: Սակայն նկատի ունենալով, որ նոյն այդ օրը Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ մրցում մը ունի կատարելիք Սաութհեմփթընի դէմ` Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին գծով, այդ մրցումը պիտի յետաձգուի: