
Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, Ուիկընի դէմ իր կազմին արձանագրած վերջին յաղթանակէն ետք (4-0), անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի խաղարկութեան, ըսաւ.
«Երբ ան միացաւ խումբին, թէ՛ մենք եւ թէ՛ ինք գիտէինք, որ ան պատրաստ է: Ան շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ խումբին վրայ` կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուելէ եւ կարճ ժամանակով ֆութպոլի դաշտերէն բացակայելէ ետք, ան շատ լաւ վերադարձ մը ունեցաւ: Իսկապէս, մենք ուրախ ենք, որ ան մեզի հետ է»:


