
Նախորդ շաբաթավերջին Հոլանտայի մէջ աւարտեցաւ Վիյք աան Զիի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը: Անոր մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:
13-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Արոնեան պարտուելով Տմիթրի Անտրէյքինէն (Ռուսիա), 7,5 կէտով բաժնեց 3-5-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով ան հանդիսացաւ 4-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ Ուեսլի Սօ, որ ապահովեց 9 կէտ: Մակնուս Քարլսըն անկէ ետ մնաց մէկ կէտով:


