Այսօր` Լիբանան – Պաղեստին

Երէկ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 6 խումբերու, որոնց կարգին` Լիբանան:
Մայրիներու երկրին կազմը երէկ շատ մեծ յաղթանակով մը սկսաւ այս ախոյեանութիւնը, երբ 40 կէտի տարբերութեամբ` 86-46 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի:
Լիբանան առաջին քորթըրը 12 կէտի առաւելութեամբ (23-11) աւարտելէ ետք, Ա. կիսախաղը աւարտեց 19 կէտի առաւելութեամբ (44-25):
Երրորդ քորթըրին տարբերութիւնը բարձրացաւ 27-ի (64-37), իսկ մրցումը աւարտեցաւ 40 կէտի տարբերութեամբ Լիբանանի մեծ յաղթանակով (86-46):
Այսպիսով, 4 անգամ այս տիտղոսին տիրացած Լիբանան (2000, 2008, 2012 եւ 2015) եկաւ ապացուցելու, որ բաւական լաւ պատրաստուած է այս մրցաշարքին եւ պատրաստ է անոր տիտղոսին տիրանալու 5-րդ անգամն ըլլալով:
Այսօր Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Պաղեստինի դէմ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան մասնակցող վեց խումբերէն հինգը կ՛ապահովեն Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:


