
Նախորդ շաբաթավերջին Քուէյթի մէջ սկսան տղոց եւ աղջկանց նշանառութեան արաբական 13-րդ ախոյեանութեան մրցումները, որոնք կ՛աւարտին 3 փետրուարին:
Աղջկանց մրցումներուն, Ռէյ Պասիլ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը` կատարելով բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը:
Առաջին հանգրուանին ան 75 հարուածներէն 68-ն հասցուց իրենց նպատակին, իսկ երկրորդին` 15-էն 11-ը:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, այժմ լիբանանցի Ալեն Պաժժանի կը գրաւէ առաջին դիրքը: Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը:
Նշենք, որ խմբային դասաւորման մէջ եւս Լիբանան առաջին է:
 
			

