Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 29 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի կ՛ունենայ Շապապ Արապի - ՀՄԸՄ մրցումը, Սաֆայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այժմ 17 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ Շապապ Արապի 29 կէտով` 3-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, Բ. խմբակին...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Այսօր Կը Մեկնի Յորդանան

Ինչպէս ծանօթ է, 29 յունուարէն 3 փետրուար Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային խումբերը հետեւեալ վեց երկիրներուն. Լիբանան, Յորդանան, Իրաք, Սուրիա, Իրան եւ Պաղեստին: Խումբերը իրարու դէմ կը մրցին միայն մէկ անգամ եւ առաջին հինգ դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Լիբանանի տղոց կազմը, որ այսօր կէսօրին կը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մոնաքօ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մոնաքօ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բաւական զօրաւոր ճակատում մը իրարու դէմ պիտի հանէ Փարիզ Սեն Ժերմենն ու Մոնաքոն: Այժմ Մոնաքօ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 2 կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով Նիսը: Սեն Ժերմեն անկէ 3 կէտով ետ մնալով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Սպանիոյ մէջ, վաղը Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիսի, մինչ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ...

Ֆութսալ. Եւրոպայի 2018-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Երկրորդ Զոհը` Էսթոնիա

Եւրոպայի ֆութսալի 2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականը իր երկրորդ զոհը դարձուց Էսթոնիան: Լաթվիոյ Ելքավա քաղաքին մէջ իր կատարած այս մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Սարօ Գալստեան (5-րդ), Անդրանիկ Կարապետեան (10-րդ), Սարգիս Նասիբեան (11-րդ), Գարեգին Մաշումեան (12-րդ) եւ Սարօ Մարդանեան (26-րդ): Հայաստան այժմ առաւելագոյն 6...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Արձանագրեց Իր 28-րդ Յաղթանակը. Ուեսթպրուք Նշանակեց 45 Կէտ

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց իր 28-րդ յաղթանակը, երբ 109-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Տալաս Մավըրիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 45 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Օքլահոմա Սիթի - Տալաս Մավըրիքս 109-98 Ինտիանա Փէյսըրզ - Մինեսոթա Վուլվզ 109-103 Տենվըր Նակեթց - Ֆէոնիքս Սանզ 127-120 Եութա...

Թենիս. Նատալ Հասաւ Աւարտական

Ռաֆայէլ Նատալ Երէկ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի վերջին ճակատումը, երբ 9-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ մրցեցաւ Կրիկոր Տիմիթրովի դէմ (Պուլկարիա, 15-րդ): Արձանագրելով 6-3, 5-7, 7-6, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը` Նատալ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Աւարտականին ան կը մրցի զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի դէմ: Երէկուան մրցումը տեւեց 4 ժամ 56 վայրկեան: Այսպիսով, 2014-էն ետք...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Այսօր` Լիվըրփուլ – Վուլվզ. Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուիկըն Աթլեթիք

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիվըրփուլ – Վուլվզ. Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուիկըն Աթլեթիք

Անգիլոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Վուլվզը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Իսկ վաղը` կիրակի, 29 յունուարին, ժամը 18:00-ին, Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուիկըն Աթլեթիք:

Թենիս. Ալեքսանտր Սարգիսեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Ալեքսանտր Սարգիսեան Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսեան իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց ամերիկեան Մաուի կղզիին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Հաուայ Չելընճըր» միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ: 26 տարեկան Սարգիսեան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 1 ժամ 12 վայրկեանի ընթացքին, երբ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժեն Ֆլին (Չինաստան): Քառորդ աւարտականին ամերիկահայ մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ անգլիացի Քեմերոն Նորի:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց «Նուհատ Նաուֆալ» Մարզահամալիր

Երէկ կէսօրէ առաջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա այցելեց «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր (Զուք), ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարզահամալիրի տնօրէն Նուհատ Նաուֆալի եւ Զուքի քաղաքապետ Էլի Պաայնոյի հետ: Քախիային կ՛ընկերակցէին ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի եւ Թոնի Խալիլ, ինչպէս նաեւ` Ղայեաս Տիպրա: Շրջագայելէ ետք մարզահամալիրին մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել շուրջ 8 հազար հանդիսատես, Քախիա ըսաւ, որ անիկա կը նկատուի լաւագոյն դաշտը,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 29 Յունուարին` Փինկ Փոնկի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած փինկ փոնկի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 29 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ: Պայման է, որ մասնակցող աշակերտները ստուգման համար այդտեղ ներկայ գտնուին առաւելագոյնը յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին: Ինչ կը վերաբերի շաբաթ, 28 յունուարին տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցումներուն, անոնք յետաձգուեցան օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով: Անոնց կայացման նոր թուականը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Հասաւ Աւարտական

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին գծով իր կատարած ճակատումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ թէեւ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ, սակայն յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական` նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան պահեստի մարզիկներուն հետ նստած էր: Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ իր կատարած ճակատումին, երէկ...

Ֆութսալ. Հայաստան Յաղթեց Գերմանիոյ` 5-3 Արդիւնքով

Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը երէկ յաղթանակով սկսաւ Եւրոպայի 2018-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները, երբ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գերմանիան: Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այսօր, Էսթոնիոյ դէմ: Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան, Սարգիս Մարգարեան, Գարեգին Մաշումեան, Սարօ Գալստեան եւ Սարգիս Նասիբեան: Յաջորդ հանգրուան կը հասնին միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը...

Թենիս. Ուիլիըմզ Քոյրերը Իրարու Դէմ Յանդիման Աղջկանց Աւարտականի Ճակատումին

Ռոժէ Ֆետերեր (աջին) Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումները: Աւարտականի մրցումը, որ պիտի ըլլայ զուտ ամերիկեան, իրարու դէմ պիտի հանէ Ուիլիըմզ քոյրերը: 2-րդ դասուած Սերենա Ուիլիըմզ 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Միրժանա Լուքիչ Պարոնիի (Խրուաթիա), մինչ Վինըս Ուիլիըմզ (դասուած` 13-րդ), մրցաշարքէն դուրս ձգեց իր ազգակիցը` Քոքօ Վանտեվեկը` արձանագրելով...

Գեղասահք. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Անասթասիա Գալուստեան 10-րդ` Կարճ Ծրագիրէն Ետք

Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ սկիզբ առած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան 10-րդ դիրքը (56, 40 կէտ) գրաւեց աղջկանց մենասահքի կարճ ծրագիրին մէջ եւ իրաւունք ստացաւ շարունակելու պայքարը ազատ ծրագիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 27 յունուարին: Կարճ ծրագիրին մէջ առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին երկու ռուսեր` Եւգենիա Մետվետեւա եւ Աննա Պոկորիլայա, իսկ երրորդ դիրքը` իտալացի Քարոլինա Քոսթներ: Տղոց մենասահքին...

Եուրօ-2019. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականի Մրցակիցները

Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2019-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ յայտնուեցաւ Է. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Սերպիան, Աւստրիան, Մակեդոնիան եւ Ճիպրալթարը, յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը: 9 խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած 4 խումբեր կը պայքարին...

«Էն. Պի. Էյ.». Կրիզլիզ Յաղթեց Ռեփթըրզի. Կազոլ Նշանակեց 42 Կէտ

Ճիմի Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ: Սաքրամենթօ Քինկզ, որ Քլիվլենտի մէջ հիւրը եղաւ Քաւալիրզի, երկարաձգումէն ետք 116-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, 119-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Աթլանթա Հոքսէն: Մեմֆիս Կրիզլիզ, կողովի մը տարբերութեամբ` 101-99 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Յաղթական կազմին...

Մաուրօ Գեւգէօզեան Միացաւ Արժանթինեան Թեմփերլէի

Քոլոմպիական Աթլեթիքօ Պուքարամանկայի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արժանթինի մէջ: 30 տարեկան ֆութպոլիստը տեղափոխուեցաւ Պուէնոս Այրեսի կազմերէն Աթլեթիքօ Թեմփերլէ: Վերջին շրջանին տարածուած էին լուրեր, թէ ան պիտի միանայ Իւնիվերսիտատ Տէ Քոնսեփսիոնի (Չիլի), բայց այդ փոխանցումը տեղի չունեցաւ: 2016-էն ի վեր Պուքարամանկայի հետ հանդէս եկող Գեւգէօզեան, Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ:...

Քութինիօ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Լիվըրփուլի Հետ

Լիվըրփուլի պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Լիվըրփուլի հետ, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ըստ անգլիական մամուլին, ան մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Լիվըրփուլի հետ:  

Պէյլի Փոխանցման Համար. Չելսի Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պատրաստ Են 200 Միլիոն Եւրօ Վճարելու

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ շատ հաւանաբար վերադառնայ Անգլիա, կը հաղորդէ «Մարքա»: Աղբիւրին համաձայն, Պէյլով հետաքրքրուած են Չելսի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որոնք պատրաստ են վճարելու 200 միլիոն եւրօ` Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկը ձեռք ձգելու համար: Եթէ պատահի, որ անոր այս փոխանցումը կատարուի, ան շաբաթական աւելի քան 400 հազար եւրօ կրնայ ստանալ: Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ Պէյլի պայմանագրութեան ժամկէտը...

Ուապա-Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

Ուապա-Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն. Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, 29 յունուարէն 2 փետրուար Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի կ՛ունենան ՈՒԱՊԱ-ի` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 17-րդ ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերը: Ստորեւ կու տանք մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը. ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ Պաղեստին - Իրան 15:00 Իրաք - Լիբանան 17:00 Սուրիա - Յորդանան 19:00 ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ   Իրան -...

Page 1017 of 1277 1 … 1,016 1,017 1,018 … 1,277

Արխիւներ