Երէկ` կիրակի, 29 յունուարին, Լաթվիոյ Ելքաւա քաղաքին մէջ աւարտեցան Եւրոպայի 2018-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի Գ. խմբակին մրցումները:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկրէն` Լաթվիայէն 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը կ՛անցնէր յաջորդ հանգրուան: Այս խմբակին մէջ Լաթվիա ինք եղաւ իր տոմսը ապահովողը:
Հայաստանի կոլը նշանակեց Գարեգին Մաշումեան, որ թէեւ յաջողեցաւ կրճատել հաշիւը (2-1), սակայն Հայաստան իր առաջին պարտութիւնը կրելով գրաւեց խմբակին երկրորդ դիրքը: