Մարզական

Ֆութսալ.  Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կատարելիք «Ֆայնըլ-Սիքս»-ի Մրցումներուն Յայտագիրը

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի այս շաբաթավերջին: Մրցումներուն մասնակցող խումբերն են` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Մաշաալ Պըտնայել, Ռապիհ, Մուաուատ, Նըմուր Քուրա եւ Ֆըրզոլ: Ստորեւ` ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը. ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ Պէյրութ - Մաշաալ Պըտնայել 18:00 Սատ ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ     ՀՄԸՄ Պէյրութ - Մուաուատ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, տուաւ կարգ մը կարեւոր որոշումներ: Կազմուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբին յանձնախումբը` նախագահութեամբ Համբիկ Միսաքեանի: Իսկ աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի թեքնիք յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ Յակոբ Տեմիրճեան: Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ֆետերասիոնի լուսանկարիչն...

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Աւստրիա

Յատուկ բանակում մը կատարելու համար Լիբանանի ազգային խումբը մեկնեցաւ Աւստրիոյ Սան Քրիսթոֆ շրջան` ըստ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնութեան: Այդ 10 օրուան բանակումին կը մասնակցին 12 մարզիկներ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ճամբելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էր Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահը Շարպել Սալամէ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռընէ Նաժժար:

Դահուկարշաւ. Լիբանան Կը Մասնակցի Անտորրայի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպայի Փոքրերու Ախոյեանութեան

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Անտորրա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու դահուկարշաւի Եւրոպայի տարեկան միջազգային ախոյեանութեան: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր:

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Չկրցաւ Յաղթել Հալ Սիթիին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել Հալ Սիթիին, որ իր ունեցած բաւական լաւ պաշտպանողական գիծին շնորհիւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց ճակատումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Խուան Մաթթայով: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Եունայթըտ 42 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Յաղթական Մատրիտի Մէջ

Լուիս Սուարեզ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մատրիտի մէջ` պարտութեան մատնելով Աթլեթիքոն: 7-րդ վայրկեանին Լուիս Սուարեզ բացաւ հաշիւը, մինչ Լիոնել Մեսսի 33-րդ վայրկեանին սքանչելի կոլով մը արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 փետրուարին` Պարսելոնայի մէջ:

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 17-րդ Յաղթանակը

Ռասըլ Ուեսթպրուք Երէկ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին, 120-116 արդիւնքով: Այս յաղթանակը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 17-րդը: Թորոնթօ Ռեփթըրզ երկարաձգումէն ետք միայն 108-106 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին: Ռասըլ Ուեսթպրուքի կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 108-94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ: Ան նշանակեց 27 կէտ:...

Ճատրակ.  Արոնեան Փոխարինեց Քրամնիքը

Ճատրակ. Արոնեան Փոխարինեց Քրամնիքը

Chess.com կայքը կը հաղորդէ, որ 2017-ին տեղի ունենալիք «Կրենտ Չես Թուր»-ի ճատրակի մրցաշարքին Վլատիմիր Քրամնիքի փոխարէն հանդէս պիտի գայ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանը: Ռուս կրանտմասթըրը հրաժարեցաւ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերելէ: Վերոնշեալ մրցաշարքին պիտի մասնակցին նաեւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, ամերիկացիներ Ուեսլի Սօ, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւ, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ եւ ռուսեր Սերկէյ Քարժաքին...

Օզպիլիսի Հոլանտա Փոխանցումը Ձախողեցաւ

Թրքական Պեշիքթաշի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանաբար փոխէ իր ակումբը, յայտնեց հոլանտական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ թրքական ակումբին հետ շատ յաճախ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուելուն համար 26 տարեկան ֆութպոլիստը վերադառնայ Հոլանտա: Ըստ մամուլին, Ուիլեմ-2 ակումբը, որ Հոլանտայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը, շատ հաւանաբար ձեռք ձգէ Օզպիլիսի ստորագրութիւնը: Նախապէս Օզպիլիս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի երեքշաբթի, 7 փետրուարին: Դարձի մրցումները կ՛աւարտին ուրբաթ, 17 մարտին: Նշենք, որ դարձի Ա. հանգրուանին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում չունի կատարելիք` ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն անզոյգ ըլլալուն պատճառով: Ստորեւ` ՀՄԸՄ Անթիլիասի կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՈՒՐԲԱԹ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Անդրանիկ Սին...

Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Իրանին (65-62) Եւ Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Տիտղոս

Երէկուան մրցումէն Լուսանկարը Տրամադրեց SPORTS961 Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանան կատարեց իր երրորդ մրցումը` արձանագրելով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը Իրանի դէմ` 65-62 արդիւնքով: Ա. կիսախաղին որոշ պահու մը մարզիչ Ճօ Մուժահիսի կազմը` Լիբանան, 14-10 առաւելութեամբ առաջ անցաւ իր մրցակիցէն, իսկ Ա. կիսախաղը աւարտեց երկու կէտի առաւելութեամբ (27-25): Բ. կիսախաղին Լիբանան առիթով մը...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.          Փինկ Փոնկի Անհատական  Եւ Խմբային Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Փինկ Փոնկի Անհատական Եւ Խմբային Արդիւնքներ

Կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած փինկ փոնկի մրցումները, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ  57 աշակերտ-աշակերտուհիներու, որոնք կը ներկայացնէին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ աւետարանական քոլէճ, Հայ...

Նշանառութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Իր Երկրորդ Արծաթ Մետալին` Քուէյթի Մէջ

Արաբական աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Քուէյթի մէջ, Լիբանան տիրացաւ իր երկրորդ արծաթ մետալին` շնորհիւ տղոց խմբային մրցումներուն: Լիբանանին մաս կազմող Ալեն Մուսա, Հիշամ Ժապեր եւ Ժատ Համատէ գրաւեցին երկրորդ դիրքը` Քուէյթի ետին: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տիրացան պրոնզ մետալին: Նշենք, որ տղոց անհատական խմբային վերջնական դասաւորման մէջ Ալեն Մուսա գրաւեց չորրորդ դիրքը:

Ձմեռնային Ուսանողական Խաղեր. Սերկէյ Միքայէլեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Դահուկորդ Սերկէյ Միքայէլեան պրոնզէ մետալի տիրացաւ Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ձմեռնային ուսանողական խաղերուն: Հետապնդումի մրցումներուն, 10 քմ ազատ ոճի մէջ Սոչի-2014-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակից Միքայէլեան արձանագրեց 27 վայրկեան 04" 5 արդիւնք մը: Ան 52 երկվայրկեանով միայն ետ մնաց ոսկի մետալին տիրացած ռուս Տմիթրի Ռոսթովցեւէն: Նշենք, որ ուսանողական այս խաղերուն 10 քմ դասական ոճի մրցումներուն ան գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Կը Հանդիպին Կիսաւարտականին

Երէկ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Գործող տիտղոսակիր Պարսելոնա, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 1 փետրուարին` Մատրիտի մէջ, իսկ դարձի մրցումը շաբաթ մը ետք` Պարսելոնայի մէջ: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Սելթա Վիկոն եւ Ալաւեսը:

Անգլիական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Հալ Սիթի

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հալ Սիթին: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ցարդ իր կատարած 22 մրցումէն Մանչեսթըր ապահոված է 41 կէտ եւ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը: «Տէյլի Սթար» երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, յայտնուած է...

Խոաքին Պօղոսեան` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինի նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ, Արսենալ Սարանտի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Ֆերոյի` 2-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ մասնակցեցաւ Բ. կիսախաղին: 29 տարեկան Պօղոսեան ընթացիկ ախոյեանութեան 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ:

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Յաղթական. Իսայահ Թոմաս Նշանակեց 41 Կէտ

Իսայահ Թոմաս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքսի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Իսայահ Թոմաս, որ նշանակեց 41 կէտ` Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (113-109): Ան վերջին քորթըրին նշանակեց 24 կէտ: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմարքուս Քուսինս (46), հակառակ անոր որ անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 122-119 արդիւնքով պարտութիւն...

Մորաթթա Մտադիր Է Հեռանալ Ռէալէն, Եթէ Զիտան Մնայ Խումբին Մէջ

Ռէալ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա դժգոհ է խումբին մէջ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքէն, կը յայտնէ «Քատենա Սեր»: 24 տարեկան Մորաթթա, որ շատ յաճախ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չ՛առնուիր, մտադիր է այս ամրան հեռանալ արքայական ակումբէն, եթէ Զինետին Զիտան մնայ մարզիչի իր պաշտօնին վրայ: Ան իր գործակատարէն խնդրած է բանակցութիւններու սկսիլ իրմով հետաքրքրուող ակումբներուն հետ: Այս տարեշրջանին «Լա լիկա»-ի գծով...

Վաչէ Ծատուրեան Կը Նշանակուի Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ակադեմիայի Տնօրէն

Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017-ին, Լիբանանի նորընտիր ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր անդրանիկ ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն: Նիստին ընթացքին Ողիմպիական կոմիտէն կատարեց կարգ մը նշանակումներ եւ յառաջացուց իր մնայուն յանձնախումբերը` զանազան մարզերու մէջ: Նկատի ունենալով կրթական մարզին մէջ իր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը եւ մարզական կազմակերպութիւններու վարչագիտական մագիստրոսի վկայականը, Վաչէ Ծատուրեան նշանակուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ակադեմիայի տնօրէն` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար: Պէտք...

Page 1015 of 1277 1 … 1,014 1,015 1,016 … 1,277

Արխիւներ