Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ուրբաթ, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
 
			

