
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2017-ի Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (ՈՒԱՊԱ), երէկ յետմիջօրէին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 99-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պաղեստինը:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, Լիբանան բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Իրանի դէմ:
Կը կարծուի, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք այս ճակատումը պիտի ըլլայ ճակատագրական` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքին լոյսին տակ գրեթէ կրնայ վճռուիլ ախոյեանին անունը:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլի Սթեֆան (23՛), ապա յաջորդաբար` Ֆատի Խաթիպ (21), Ալի Հայտար (10), Ուաէլ Արաքժի, Աթեր Մաճոք (9-ական), Նետիմ Սուէյտ, Ամիր Սէուտ (7-ական), Պասել Պաուժի (6), Էլի Ռըսթոմ (5) եւ Շարլ Թապեթ (2):


