Վաղը` չորեքշաբթի, 1 փետրուարին Ալաշկերտ Երեւան ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով կը մեկնի Անթալիա:
Նախապէս նշուած էր, որ Հայաստանի ախոյեանը Անթալիոյ մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցում: Սակայն տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը:
9 փետրուարին Ալաշկերտ ոչ թէ պիտի մրցի ղազախական Աթիրաուն խումբին դէմ, այլ` Ուզպեքիստանի ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: