
Երէկ` կիրակի, 29 յունուարին աւարտեցաւ 2017 տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային` Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը, 17-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի եւ 9-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի միջեւ:
Տիտղոսին տիրացաւ Ֆետերեր, որ 6-4, 3-6, 6-1, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ Աւստրալիոյ իր 5-րդ եւ իր արհեստավարժ ասպարէզի 18-րդ կրան շլեմի տիտղոսին:
Այսպիսով, 35 տարեկան Ֆետերեր, որ վեց ամիսէ ի վեր հեռու էր թենիսի դաշտերէն, յաջողեցաւ իր վերադարձը նշել այս տիտղոսը բարձրացնելով եւ այդ ալ… 4,5 տարուան սպասումէ մը ետք:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, որ եղաւ զուտ ամերիկեան` Ուիլիըմզ քոյրերուն միջեւ, աւարտական այս մրցումը վերջ գտաւ (նախանցեալ օր) 2-րդ դասուած Սերենա Ուիլիըմզի յաղթանակով, որ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 13-րդ դասուած իր քոյրը` Վինըս Ուիլիըմզը:
35 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ, որ այսպիսով Մելպուրն Փարքի մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց ախոյեանութեան տիտղոսը, յաջողեցաւ մրցանիշ մը հաստատել` տիրանալով իր 23-րդ կրան շլեմի տիտղոսին: