
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 30 յունուարին, տեղի ունեցաւ բաւական ուշագրաւ մրցում մը, որուն ընթացքին Աթլանթա Հոքս 142-139 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին… 4-րդ երկարաձգումէն ետք միայն:
Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ 39 վայրկեան, երկու վայրկեանով աւելի Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի տղոց մրցաշարքի աւարտականէն:

Թէեւ Նիքսին մաս կազմող Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 45 կէտ, բայց անոր կազմը կրեց իր 28-րդ պարտութիւնը:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 113-111 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, վերջինիս դաշտին վրայ: Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզ) նշանակեց 33 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս | 142-139 |
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Օքլահոմա Սիթի | 107-91 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 120-101 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ | 107-94 |
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 114-113 |
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 121-108 |
Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 105-105 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 113-111 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Մայեմի Հիթ – Պրուքլին Նեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Օրլանտօ Մեճիք
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Տալաս Մավըրիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ