Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Պհամտունի դաշտին վրայ մրցում մը ունէր կատարելիք Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ:
Սակայն նկատի ունենալով, որ Պհամտունի դաշտը բաւական վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, այս մրցումը յետաձգուեցաւ:
Յայտարարուեցաւ, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 9 փետրուարին:
 
			

