Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան մենասահքի մէջ գրաւեց 21-րդ դիրքը կարճ եւ ազատ ելոյթներուն մէջ` ստանալով 180,78 կէտ:
Ախոյեան հանդիսացաւ սպանացի Խաւիէ Ֆեռնանտես (294,84 կէտ):
Զոյգի պարի ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան – Սիմոնալ Սենեկալ զոյգը 128,05 կէտով գրաւեց 19-րդ դիրքը: Տիտղոսակիր հանդիսացան Ֆրանսայի ներկայացուցիչները (189,67 կէտ):
Նշենք, որ աղջկանց մենասահքին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Անասթասիա Գալուստեան, գրաւած էր 12-րդ դիրքը:


