Ասիոյ Կրտսերներու Դահուկարշաւի Ախոյեանութիւնը` Քֆարզըպիանի Մէջ
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շաբաթ, 4 եւ կիրակի, 5 մարտին, Քֆարզըպիանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ կրտսերներու դահուկարշաւի 26-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ 11 երկիրներուն: Տաճիկիստան, Խըրխըզիստան, Փաքիստան, Հնդկաստան, Ղազախստան, Հարաւային Քորէա, Իրան, Մոնկոլիա, Նեփալ, Ուզպեքիստան եւ Լիբանան: Այս ախոյեանութիւնը յատկացուած է 1996-2000-ի ծնունդ երկսեռ դասակարգերուն: Այս ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին,...







