
Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ նախանցեալ օր իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին պաշտօնապէս յայտնեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ խումբէն:
Պարսելոնայի հետ 46 տարեկան Էնրիքէի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին:
Նախքան իր այս յայտարարութիւնը կատարելը, ան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ ակումբին տնօրէններուն` Ալպերթ Սոլերի եւ Ռոպերթ Ֆերնանտեսի հետ, անոնց յայտնելու համար, որ իր պայմանագրութիւնը չ՛ուզեր երկարաձգել:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսա այժմ 57 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` կէտի մը առաւելութիւն ունենալով Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ սակայն մրցում մը նուազ կատարած է:


