Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս մարզական վրէժ մը ունի լուծելիք Ռիատիէն, որ երթին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, կիրարկելով լաւ խաղարկութիւն մը, ամէն գնով յաղթանակ արձանագրեն այսօր:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ռաուտայի եւ Ֆանարի ակումբներէն պիտի ուղղուին Մանարայի դաշտ:
Համակիրներէն կ՛ակնկալուի ներկայ գտնուիլ այս մրցումին եւ քաջալերել իրենց ախոյեան խումբը` ՀՄԸՄ Անթիլիասը:


