
«Հու Սքորտ» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ փետրուարին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքով կազմուած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:
Փետրուարին Մխիթարեանի միջին գնահատականը եղած է 7,9:
Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկներէն խորհրդանշական հաւաքականին մէջ եղած են նաեւ ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա (8,0) եւ անգլիացի յետսապահ Քրիս Սմոլինկ (7,8):


