
Մոսկուայի մէջ աւարտած «Էյրոֆլոթ Օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները մրցանակային որեւէ տեղեր չկրցան գրաւել:
Սերկէյ Մովսիսեան, որ վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, 5 կէտով գրաւեց 35-րդ դիրքը:
4-ական կէտ ապահոված Մանուէլ Պետրոսեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան յաջորդաբար գրաւեցին 64-րդ եւ 65-րդ դիրքերը: Իսկ Հայկ Մարտիրոսեան 3,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 84-րդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Վլատիմիր Ֆետոսէեւ, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: