
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ Լարա Քեչեպաշեան, Մալեք Խուրի եւ Լեթիսիա Ազար իբրեւ մարզիչ յառաջիկայ ամրան պիտի մեկնին Սպանիա, ուր «Սի. Այ. Ճէյ. Էմ.»-ի յատուկ բանակումի մը պիտի մասնակցին: Այդ բանակումը տեղի պիտի ունենայ գործակցութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին եւ միջերկրականեան երկիրներու փինկ փոնկի յանձնախումբին:
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին առաջարկուեցաւ, որ անիկա արտօնութիւն տայ կազմակերպելու լիբանանցի Ա. կարգի մարզիչներու յատուկ յայտագիր մը, բնականաբար զօրակցութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին եւ գործակցութեամբ փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին:
Որոշուեցաւ մօտիկ ապագային բարեկամական մրցում մը կատարել Լիբանանի ազգային խումբին եւ Պէյրութի մէջ Չինաստանի դեսպանատան միջեւ (անոր դեսպանատան մէջ), ինչպէս նաեւ փինկ փոնկի մարզաձեւին մէջ գործակցութիւնը ընդլայնել ֆետերասիոնին եւ Չինաստանի դեսպանատան միջեւ:
Լիբանանցի դասուած մարզիկները հրաւիրուեցան մասնակցելու «Պոնիւս-1»-ի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 3-4 մարտին` Մոն լա Սալի մէջ: