Մարզական

Կիրակի, 5 Մարտին.  Քարաթէի Մրցաշարք` Շանվիլի Ակումբին Մէջ

Կիրակի, 5 Մարտին. Քարաթէի Մրցաշարք` Շանվիլի Ակումբին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան, լիբանանեան «Այ. Էս. Քէյ. Էֆ.» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ քարաթէի տարեկան իր 18-րդ մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ ակումբին մէջ (Տիք Մըհտի), կիրակի, 5 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանեան տարբեր տեսակի ակումբներէ երկսեռ մարզիկներ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ մարզիկներու արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով 09-641241 թիւին:

Վարդան Մինասեան Պաշտօն Ստանձնեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ` Վարդան Մինասեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն: Ըստ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին, պելճիքացի Մարք Լելեւրի հեռանալէն ետք, Մինասեան կը կատարէր թեքնիք տնօրէնի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները: Մինասեան Հայաստանի 14 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի համակարգէ, ինչպէս նաեւ` մարզիչներու պատրաստութեան համակարգումը պիտի կատարէ: Մինասեանի որոշումով, 16 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր...

Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Կրան Փրի. Արոնեան Գրաւեց 13-րդ Եւ Նախավերջին Դիրքը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ աւարտած ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց ոչ համոզիչ արդիւնքներ: Յաջորդական 8 հաւասարութիւններէ ետք, Արոնեան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին պարտուեցաւ Տին Լիժենէն (Չինաստան) եւ գրաւեց 13-րդ եւ նախավերջին դիրքը` 8 կէտով: Տին Լիժեն նոյնքան կէտ ապահովելով գրաւեց վերջին դիրքը: 5,5-ական կէտով 1-3-րդ դիրքերը բաժնեցին Մաքսիմ Վաշի-Լակրաւ, Շահրիար Մամետեարով եւ Ալեքսանտր Կրիսչուք:

21 Տարեկանէն Վար Հաւաքական. Հայաստան Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Մոլտովայի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 4 յունիսին Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Մոլտովայի իր հասակակիցներուն դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը Եւրոպայի 2019-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 յունիսին` Ճիպրալթարի դէմ: Ասկէ մեկնելով` Մոլտովայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը պիտի ըլլայ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Տերոզան Նշանակեց 37 Կէտ. Հարտեն` Տապըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Տերոզան Նշանակեց 37 Կէտ. Հարտեն` Տապըլ-Տապըլի Հեղինակ

Տեմար Տերոզան Ճէյմս Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Թորոնթօ Ռեփթըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 92-91 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 37 կէտ, մինչ Քարմելօ Անթոնի (Նիքս)` 24 կէտ: Թէեւ Հիուսթըն Ռոքեթց պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն, սակայն Ճէյմս Հարտեն յաջողեցաւ տապըլ-տապըլ մը իրագործել...

Մոնթելա Պիտի Մնայ Ա. Սէ. Միլանի Հետ

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչ Վինչենցօ Մոնթելա կրնայ երկար ժամանակ մնալ  իր պաշտօնին վրայ: «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ»-ի համաձայն, ակումբին նոր  սեփականատէրերը մտադիր են ֆութպոլի իտալացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել: Գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ի ամրան: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ միլանցիներուն նախագահը` Սիլվիօ Պերլուսքոնի, դժգոհ է 42 տարեկան մասնագէտին աշխատանքէն, սակայն չին ներդրողները այլ կարծիք ունէին: Կ՛ակնկալուի, որ նոր...

Փեփէ Մել Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը` Տեփորթիւոյի Մարզիչ

«Լա լիկա»-ին մէջ գոյատեւելու համար պայքար մղող կազմերէն Տեփորթիւօ Քորունա, Ռէալ Պեթիսի եւ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի նախկին մարզիչ Փեփէ Մելը նշանակեց ակումբի նոր մարզիչ` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Վտանգաւոր` 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Տեփորթիւօ ցարդ 2017-ին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել: Խումբը պաշտօնանկ ըրաւ Կայցքա Կարիթանոն, նախորդ շաբաթավերջին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Լեկանեսէն, որ իր կարգին կը պայքարի...

Ռանիերի Կ՛ուզէ Մարզիչի Իր Ասպարէզը Շարունակել Անգլիոյ Մէջ

Իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ Անգլիոյ գործող ախոյեան Լայսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն, կ՛ուզէ մարզիչի իր արհեստավարժ  ասպարէզը շարունակել Անգլիոյ մէջ: «Սքայ Սփորթց» կը յայտնէ, որ Լայսթըրէն հեռանալէ ետք ան արդէն իսկ առաջարկներ ստացած է իտալական եւ չինական ակումբներէ, բայց հետաքրքրուած չէ անոնցմով: 65 տարեկան Ռանիերի Լայսթըրի ֆութպոլի պատմութեան մէջ նախորդ տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով...

Արսենալի Ակադեմիային Նախագահը Նշանակուեցաւ Վոլֆսպուրկի Մարզիչ

Հոլանտացի ֆութպոլի մասնագէտ Անտրիես Եոքեր նշանակուեցաւ գերմանական Վոլֆսպուրկի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց գերմանական ակումբին կայքը: 54 տարեկան Եոքեր պիտի փոխարինէ Վալերիեն Իսմայէլը, որ այս տարեշրջանին նշանակուած էր խումբի մարզիչ: Նշենք, որ 2012-2014 շրջանին Անտրիես Վոլֆսպուրկի մէջ եղած է գլխաւոր մարզիչի օգնական, իսկ անկէ ետք գլխաւորեց լոնտոնեան Արսենալի ակադեմիան` իբրեւ նախագահ: 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ Վոլֆսպուրկ 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման...

Պարսելոնայի Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Անցեալի Ֆութպոլիստները Երկու Մրցում Պիտի Կատարեն

30 յունիսին «Քամփ Նու»-ի մարզադաշտին վրայ, Պարսելոնայի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ֆութպոլիստները իրարու դէմ մրցում պիտի կատարեն: Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը` նշելով, որ անիկա բարեգործական բնոյթ պիտի ունենայ եւ անոր ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Պարսելոնայի ֆոնտին: Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 2 սեպտեմբերին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 14 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Թէեւ ախոյեանութիւնը դադար առած է Տուպայի մրցաշարքին առիթով, սակայն մերթ ընդ մերթ տեղի կ՛ունենան կարգ մը մրցումներ: Դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ հինգշաբթի, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, հիւրը պիտի ըլլայ Սաժեսի, Ղազիրի մէջ: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 2...

Ֆութսալ. Լուէյզի Հանդիսացաւ Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ կատարուեցան 20-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Արձանագրելով իր 16-րդ յաղթանակը` Լուէյզի Իրաւաբաններու սենտիքային դէմ (15-2) հանդիսացաւ ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Ա. դասակարգ: Նշենք, որ Լուէյզի ապահոված է նաեւ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը: Կիսաւարտականին անիկա կը ճակատի Ղըպէյրիի դէմ: Խումբին մարզիչն է Ռապիհ Տիպ, մինչ Լուէյզի իր կազմին...

Ասիական Ձմեռնային 8-րդ Խաղեր. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Առանց Մետալի Վերադարձաւ Սափորոյէն

Երէկ` երկուշաբթի, 27 փետրուարին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Ճափոնէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Սափորօ-2017-ի ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերուն: Աղջկանց դահուկարշաւի մրցումներուն, լիբանանցի մարզիկներէն Քարլա Իսքանտար 30 մասնակցողներու մէջ գրաւեց 15-րդ դիրքը, Սոֆիա Մարի Ֆայեատ` 17-րդ դիրքը, Սիրիլ Քէյրուզ` 12-րդ, իսկ Ռաուլ Ասմար` 14-րդ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Դասաւորման Պատկերը` 18-րդ Հանգրուանէն Ետք

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումները: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Ահտ` չորս կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով Սալամ Զղարթան, որ Նըժմէէն խլեց 2-րդ դիրքը` Անսարի հետ վերջինիս արձանագրած հաւասարութենէն (2-2) օգտուելով: Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Ահտ 37 (30-14) 2.- Սալամ Զղարթա 33 (31-26) 3.- Նըժմէ 32 (32-17) 4.- Անսար 29 (33-31) 5.- Նեպի...

Շաբաթ, 4 Մարտին. Մեճիք Ֆութսալի Աննախընթաց Մրցում

Պասսամ Թըրք Շաբաթ, 4 մարտին, «Պիել»-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեճիք Ֆութսալի աննախընթաց մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անցեալի անուանի ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` պրազիլցի Ֆալքաօ, կալեսցի Ռայըն Կիկզ, իտալացի Փաուլօ Մալտինի, իրանցի Վահիտ Շամսայ եւ ուրիշներ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:30-ին` հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրքի: Այս...

Կռփամարտ. Պաչքով Տիտղոսակիր` Սոֆիայի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին հանդիսացաւ տիտղոսակիր, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 64 քկ դասակարգին մէջ, յաղթելէ ետք պուլկարացի Այրին Իսմեթովի, Պաչքով տիրացաւ ոսկի մետալին: Հայաստանի հաւաքականին 9 մասնակցողներուն մէջէն միայն Պաչքով մետալի տիրացաւ:

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Յաղթեց Հոռնեթցի` Երկարաձգումէն Ետք. Կրիֆին Նշանակեց 43 Կէտ

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ երկարաձգումէն ետք 124-121 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 43 կէտ, մինչ Քեմպա Ուոքըր (Հոռնեթց)` 34 կէտ: Նիւ Օրլինզի դէմ Օքլահոմա Սիթիի արձանագրած յաղթանակին (118-110) մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 41 կէտ, մինչ Օրլինզի...

Մանուէլ Նէօյըրի Մրցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Համպուրկի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (8-0), Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր «Պունտըսլիկա»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Այսպիսով, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 30 տարեկան բերդապահը իր կատարած ընդամէնը 183 մրցումներուն ընթացքին, 100-րդ մրցումն ըլլալով իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ: Իրենց բերդին մէջ առանց կոլ ստանալու 100 մրցում ունեցած են նաեւ Օլիվըր...

Ռոնալտոյի Նոր Մրցանիշը

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախանցեալ օր նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը, յաջողեցաւ «Լա լիկա»-ի մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել: Ռոնալտօ, որ այսպիսով նշանակեց իր 57-րդ փենալթին, մէկ փենալթիով գերազանցեց նոյնինքն իր ակումբին մաս կազմած նախկին յառաջապահ Հիւկօ Սանչեսը: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ռոնալտ Քէօման (46): Իսկ Պարսելոնային մաս կազմող Լիոնել Մեսսի ցարդ նշանակած...

Վիարէալի Բերդապահը 6 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Մարքա» կը յայտնէ, որ Վիարէալի բերդապահ Սերճիօ Ասենխօ, որ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանին վիրաւորուեցաւ եւ 35-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, 6 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:

Page 1005 of 1277 1 … 1,004 1,005 1,006 … 1,277

Արխիւներ