«Եութիուպ»-ի մէջ «Խալիտ-10» կայանը ներկայացուց անունները 14 ֆութպոլիստներու եւ մարզիչներու, որոնք կը տիրապետեն 4-է աւելի լեզուներու:
Այդ ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը տիրապետէ 7 լեզուներու. հայերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, ռուսերէն եւ փորթուգալերէն: