Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումը:
Ցարդ իր կատարած 12 մրցումներուն ընթացքին, ՀՄԸՄ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ կրած մէկ պարտութիւն, մինչ Սաժես, որ ներկայ դրութեամբ իր լաւ օրերուն մէջ չէ, ցարդ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 8 պարտութիւն:
Ինչպէս ծանօթ է, երթին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (17 դեկտեմբերին)` 129-85 արդիւնքով:
Այսօր եւս յաղթանակ մը արձանագրելու նպատակով ՀՄԸՄ երբեք պէտք չէ անտեսէ իր մրցակիցը եւ խմբային խաղաոճ մը կիրարկելով պէտք է արձանագրէ տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը` ամուր կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը` ուրբաթ, 3 մարտին, երբ երեկոյեան ժամը 17:30-ին տեղի կ՛ունենայ բաւական տաք ճակատում մը, երբ Պիպլոս Ժիպէյլի մէջ կը հիւրընկալէ Ռիատին:


