Մարզական

Սիմոն Տուէյհի Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ֆութսալի ֆետերասիոնի նախագահ Սիմոն Տուէյհի շաբաթ, 4 մարտին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: Ան ըսաւ, որ երեք նստաշրջանի ընթացքին իր պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին փորձեց իր կարելին ընել, որպէսզի ամէն ձեւով յառաջ տանի այս մարզաձեւը: Սակայն վերջին շրջանին իրաւարարներուն գործած մեծ սխալները ստիպեցին զինք, որ ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Նըմուր Քուրա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 4-0

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը, որ մրցեցաւ Նըմուր Քուրայի դէմ, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ, սակայն կոլ չկրցան նշանակել: Նշենք, որ խումբէն կը բացակայէին շարք մը հիմնական մարզիկներ: Մրցումները ցարդ աւարտած չեն` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբաթ կը սկսին դարձի մրցումները:  ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի` 0-4

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբը, որ Շարքի դաշտին վրայ մրցեցաւ Շապապ Արապիի դէմ, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն բացակայեցան մարզիչ Ստեփան Պաղտասարեան եւ ֆութպոլիստ Սերժ Օսգեան:  

Քիեւի Մէջ. Հայ Ըմբիշները Արձանագրեցին Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Նախորդ շաբաթավերջին Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) աւարտեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որ երկարեցաւ երկու օրերու վրայ: Թէեւ Կարէն Ասլանեան (66 քկ) հասաւ աւարտականին, սակայն բաւականացաւ արծաթ մետալով, իսկ Վարշամ Բորանեան տիրացաւ պրոնզ մետալի մը: Իր կարգին, պրոնզ մետալի տիրացաւ նաեւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ): 130 քկ դասակարգին մէջ Վաչիկ Եղիազարեան պրոնզէ մետալի համար իր մղած պայքարին պարտութիւն կրեց: Ինչ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.

- Լիվըրփուլ, Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Յաղթական - Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Եուվենթուս Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին Լիոնել Մեսսի (կեդրոնը) Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ առանց Հենրիխ Մխիթարեանի (վիրաւոր) հիւրընկալեց Պուրնըմաութը, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել եւ բաւականացաւ 1-1 հաւասարութեամբ, հակառակ անոր որ Բ. կիսախաղին ամբողջութեամբ մարզիկի մը առաւելութիւնը...

Թենիս. Միւրէյ Տիտղոսակիր` Տուպայի Մէջ

Տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող անգլիացի Էնտի Միւրէյ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզի 45-րդ տիտղոսին: Արդարեւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած Տուպայի տղոց թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին ան յաղթեց սպանացի Ֆեռնանտօ Վերտասքոյին` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 13 վայրկեան: Այլ գետնի վրայ, աշխարհի 6-րդ դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ Աքափուլքոյի (Մեքսիքա) միջազգային...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Մէյրուպայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Մէյրուպա ճիշդ հակառակ կողմն է եւ կը գրաւէ 10-րդ ու...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Ռիատա Ուալ Ատապի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին մօտ գտնուող դաշտին վրայ` Թրիփոլիի ողիմպիական դաշտին փոխարէն: Այժմ ՀՄԸՄ 23 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, մինչ Ռիատա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մասիս

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 4 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Մասիսի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, որ լաւ ու ներդաշնակ խաղարկութիւն ցուցաբերելով...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Լիվըրփուլ – Արսենալ

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք հետաքրքրական ճակատումներուն կարգին կը խոստանայ ըլլալ Լիվըրփուլ - Արսենալ հանդիպումը: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ - Պայէր Լեւերքուզըն հանդիպումը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 27-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Մանչեսթըր Եունայթըտ (6) - Պուրնըմաութ (14) 14:30 Լայսթըր Սիթի (15) - Հալ Սիթի (19) 17:00...

Կազմակերպութեամբ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն. Կէս Մարաթոնի Վազքի Մրցումը` 26 Մարտին

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքը յայտարարեց, որ 26 մարտին տեղի պիտի ունենայ կէս մարաթոնի վազքի մրցումը` յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով: Այս մարաթոնը կը հովանաւորէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս: Մամլոյ ասուլիսին, որ տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու «Իպրահիմ Խուրի» զօրանոցին մէջ (Էշրեֆիէ), հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսէն բացի ներկայ գտնուեցան քանի մը նախարարներու ներկայացուցիչներ,...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նըմուր Քուրա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նըմուր Քուրա: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Մանար» համալսարանի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ Պէյրութի համար այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր: Այս իրողութենէն մեկնելով` խումբը պէտք է յաղթանակ արձանագրէ, իսկ համակիրները պէտք է մեկնին դաշտ...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Էշրեֆիէ` 2-8

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Շապապ Էշրեֆիէ ճակատումը: Ա. դասակարգին մաս կազմող Շապապ Էշրեֆիէ 8-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-1) յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Լուէյզիի դէմ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան եւ Աւօ Տոնպուրեան: Պէտք է նշել, որ այս տարեշրջանին...

Շաբաթ, 4 Եւ Կիրակի, 5 Մարտին. Թեքուանտոյի Ախոյեանութիւն` Էմիլ Լահուտի Անուան Մարզահամալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին շաբաթ, 4 եւ կիրակի, 5 մարտին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի կ՛ունենայ Հարաւային Քորէայի դեսպանին անունը կրող 2017-ի թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Լի Եոնկ Մանի: Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ այս մարզաձեւը սիրողները հրաւիրեց, որ ներկայ գտնուին այս եզակի...

Լեւոն Արոնեան Եւս Միացաւ Վիրաւոր Զինուորներուն Աջակցող Ծրագիրին

Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան միացաւ Բժշկական համալսարանին նախաձեռնած ծրագիրին, որուն նպատակն է օգնել վիրաւոր զինուորներուն: «Կը միանամ Բժշկական համալսարանին ձեռնարկած ծրագիրին, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրուի զինուորներու վերականգնումի կեդրոնի վերանորոգումին»: Նշենք, որ նախապէս այս ծրագիրին միացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

«Էն. Պի. Էյ.», Ուեսթպրուքի 45 Կէտը Յաղթանակ Չապահովեց Օքլահոմային

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Թէեւ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 45 կէտ, բայց անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 114-109 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն: Շիքակօ Պուլզ յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին (94-87), իսկ երրորդ եւ վերջին մրցումի Ֆէոնիքս Սանզ 120-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շարլոթ Հոռնեթցը: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ Ֆիլատելֆիա...

Դաւիթ Մանոյեան Բացակայ` Ղազախստանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Կիպրական Քարմիոթիսայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի վիրաւոր միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Վիրաբուժութեան ենթարկուած Մանոյեան վերականգնումի համար կարիքը ունի 4-6 շաբթուան: Նշենք, որ Հայաստան - Ղազախստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 մարտին` Երեւանի մէջ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` Դարձեալ Յաղթելէ Ետք Սաժեսին (108-96)

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, դարձեալ յաղթելէ ետք Սաժեսին` 108-96 արդիւնքով (24-26, 50-52, 78-84 եւ 96-108): Բաղդատմամբ երթին իր կրած պարտութեան, այս անգամ Սաժես յաջողեցաւ աւելի լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ, բայց եւ այնպէս կրեց տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը` մնալով 9-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 71-55

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 71-55 արդիւնքով (16-13, 13-10, 19-12 եւ 23-20): Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (16), Այտա Պախոս (13), Լէյլա Ֆարես (9), Մեղրի Թորոսեան, Մակի Զաքարեան (5-ական), Սանտրա Նաժըմ (4), եւ Ֆարահ...

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Էշրեֆիէ Կիսաւարտականի Ճակատումը

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցի Շապապ Էշրեֆիէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) պիտի սկսի ժամը 21:00-ին: Աւարտականին հասնիլը պիտի ըլլայ ամէնէն առաջնահերթը` այսօրուան մրցումին նախօրեակին: Այս նպատակը կ՛իրականանայ նախ եւ առաջ...

Page 1003 of 1277 1 … 1,002 1,003 1,004 … 1,277

Արխիւներ