Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Մութթահետ Թրիփոլիի մաս կազմող Ռալֆ Աքըլ, շուրջ մէկ ամիս պիտի բացակայի պասքեթպոլի դաշտերէն, յայտնեցին լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ:
Նախորդ շաբաթավերջին Լուէյզիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուելով ան չկրցաւ զայն շարունակել:
Բժշկական քննութիւնները ցոյց տուին, որ անոր ուսը ստացած է բաւական ծանր վնասուածք, որուն պատճառով ան ամսուան մը հանգիստի կարիք ունի լաւապէս ապաքինելու համար:
Նշենք, որ Լուէյզիին յաղթելով Մութթահետ ամրապնդեց իր դիրքը եւ ամուր կառչած մնաց 4-
րդ դիրքին: