 Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շաբաթ, 4 եւ կիրակի, 5 մարտին, Քֆարզըպիանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ կրտսերներու դահուկարշաւի 26-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ 11 երկիրներուն:

Տաճիկիստան, Խըրխըզիստան, Փաքիստան, Հնդկաստան, Ղազախստան, Հարաւային Քորէա, Իրան, Մոնկոլիա, Նեփալ, Ուզպեքիստան եւ Լիբանան:
Այս ախոյեանութիւնը յատկացուած է 1996-2000-ի ծնունդ երկսեռ դասակարգերուն:
Այս ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին (Քֆարզըպիան) դուրսի բակին մէջ: