
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքօ գնեց պելճիքական Սերքլը Պրիւժ ֆութպոլի ակումբը, որ հանդէս կու գայ Պելճիքայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Այսպիսով, Մոնաքօ դարձաւ ակումբին գլխաւոր բաժնետէրը:
Իշխանապետական կազմը նիւթապէս պիտի օժանդակէ խումբին եւ պիտի փորձէ անհրաժեշտ ներդրումներուն շնորհիւ խումբը բարձրացնել Ա. դասակարգ:
Սերքլը Պրիւժ կը նկատուի Եւրոպայի ամէնէն հին ակումբներէն մէկը: Անիկա հիմնուած է 1899-ին:
Նշենք, որ Սերքլը Պրիւժին մաս կը կազմէ հայ միջնապահ Իվան Եաքան:


