«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Սեֆերին (Սլովենիա). խօսելով Անգլիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն մասին, ըսաւ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ, որոշ ֆութպոլիստներ ունին մուտքի անցագիր ստանալու խնդիրներ:
«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» կը յայտնէ, որ Պարսելոնայի մաս կազմող Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար կրնան չմեկնիլ Քարտիֆ, անշուշտ եթէ անոնց խումբը ապահովէ աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երկու մարզիկներուն դատական գործընթացները ցարդ չեն աւարտած:
Նշենք, որ վերջին շրջանին, Մեսսի եւ Նէյմար մեղադրուած էին իրենց հարկերէն խուսափելու ամբաստանութեամբ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ նախապէս` այլ առիթով մը, Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստ Սերժ Օրյէին չէր արտօնուած մեկնիլ Լոնտոն` մասնակցելու համար Արսենալի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: