
Երէկ` չորեքշաբթի, 1 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ալաշկերտի հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան նշանակուեցաւ ակումբի փոխնախագահ:
Նշենք, որ գարնանային իր առաջին մրցումին, Հայաստանի գործող ախոյեանը շաբաթ, 4 մարտին պիտի մրցի Բանանցի դէմ:


