Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կ՛ուզէ հիւրընկալել Եուրօ-2024-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս ուղղութեամբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Գերմանիոյ կողմէ ստացաւ այս ախոյեանութեան մրցումները ընդունելու թեկնածու ներկայացած 17 քաղաքներու մասին 40 փաստաթուղթ:
Եուրօ-2024-ը հիւրընկալել ուզող երկիրներուն ամբողջական ցանկը պիտի հրապարակուի 10 մարտին:
Կ՛ակնկալուի, որ վերջնական ցանկին մէջ ըլլան նաեւ Սպանիա, Թուրքիա, Փորթուգալ եւ սքանտինաւեան երկիրները` միասնաբար:
Յաղթական երկրին անունը պիտի հրապարակուի սեպտեմբեր 2018-ին: