Գաղութային

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Նախքան ձեռնարկը, «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբին մէջ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան օրհնեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակը, որմէ ետք կատարուեցաւ անոր քողազերծումը: Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան «Թռչնոց...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

22 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւնը: Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի  նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին, Լիբանանի վարչապետի ներկայացուցիչ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ դեսպան Միրա Տահեր, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ  երեք տասնեակ օտարերկրեայ դեսպաններ...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ`  Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Դրօ Մսըրլեան Ալիսիա Իշխանեան Ռիթա Պարոնեան եւ Սիպէլ Աւետիսեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դրօ Մսըրլեան: Իր խօսքին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու` «Թակես Անզէյկըր», «Լա Լիպերթէ», «Աժանս Ռոմանտ Տէ Փրես» եւ «Լը Թամփ» թերթերու թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին` Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ընդառաջելով Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմենոֆաս հիմնարկի հրաւէրին, Զուիցերիա...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած  Ձեռնարկ` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Քրիսթինա Սրապոնեան Համբիկ Միսաքեան Յակոբ Ղազարեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Ղազարեան: Ան յայտնեց, որ 13 ապրիլ 1975-ը լիբանանահայութեան համար...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղի Հրթիռակոծման Հետեւանքով Վիրաւորուած Են 4 Հայեր

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ 21 սեպտեմբերին Նոր Գիւղ շրջանը բուռն հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ, փուլ եկան շէնքեր, արձանագրուեցան զոհեր, վիրաւորներ: Զոհուած տեղացիներուն թիւը հասաւ 9-ի: Վիրաւորուած հայորդիներն էին` Կարօ Աշճեան, Եղիա Փիլաւճեան, Ժաքլին Ասսէեան եւ Ներսէս Թաթոյեան: Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ: Երկու Հալէպահայեր Առեւանգուեցան Շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Խանասերի ճամբուն վրայ զինեալ ահաբեկիչներ պարտադրաբար կանգնեցուցին Հալէպէն Լիբանան մեկնող հանրակառք մը եւ...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած  Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի «Արամ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Գէորգ Գատեհճեան Խաժակ Բալուլեան Յովհաննէս Խօշեան Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Բալուլեան: Ան շեշտեց նահատակներուն յիշատակը յարգելու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա` հրաւէրովը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմենոֆաս հիմնարկին: Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին յաջորդաբար Ժընեւի, Պենիանի (Լոզանի մօտ), Պեռնի եւ Ուալզընհաուզընի (Ցիւրիխի մօտ) շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւններ «100 տարիներու հայ-զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով: Հանդիսութիւններուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն վեհափառ հայրապետը, Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահն ու պետական ներկայացուցիչներ: Յատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի Բաբա Քունցլերի, Քրաֆթ Պոնարի,...

Արագածը Յիշեց  Եւ Յարգեց Իր Նահատակները

Արագածը Յիշեց Եւ Յարգեց Իր Նահատակները

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արագածի շրջանի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Զաքար Քէշիշեան Գէորգ Պէպէճեան Հրատ Պէպէճեան Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արագած թաղամասի սկիզբէն. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի խմբակի մը ջահագնացութեամբ  եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Արագածի ակումբին թաղը,...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ`  Ռաուտայի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Ռաուտայի Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Յարութ Լափաճեան Սերօ Քելուկեան Ռիթա Թաշճեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ռիթա Թաշճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975-ին սկսած  Լիբանանի...

Հալէպ.  Հրթիռ` ՀՄԸՄ-ի Ընտանեկան  Պարտէզի Թաղին Մէջ

Հալէպ. Հրթիռ` ՀՄԸՄ-ի Ընտանեկան Պարտէզի Թաղին Մէջ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Հալէպի Ազիզիէ շրջանի ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզի թաղին մէջ ինկած հրթիռի մը պատճառով, փուլ եկաւ յարկաբաժին մը եւ հրկիզուեցաւ ինքնաշարժ մը: Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւն չհաղորդուեցաւ:

Հարցազրոյց` Կարօ Մանճիկեանի Հետ

Հարցազրոյց` Կարօ Մանճիկեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Անդրադառնալով Քեսապի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին` Մանճիկեան յայտնեց, որ 2014-ի իրադարձութեանց պատճառով տեղահանուած ժողովուրդին 85 առ հարիւրը վերադարձած է գիւղ եւ...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Հուրի Ղազարեան Արի Կարպուշեան Արդարեւ, Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Ղազարեան: Իր խօսքին...

«Էմակոս» Արուեստի Ցուցասրահը «Սերունդներ»  Խորագիրով Մասնակցեցաւ  «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի Վեցերորդ Ցուցահանդէսին

«Էմակոս» Արուեստի Ցուցասրահը «Սերունդներ» Խորագիրով Մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի Վեցերորդ Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Լամա Թամմամ Սալամի եւ կազմակերպութեամբ «Լոր Տիւ Հոթուիլ»-ի հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի, ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի վեցերորդ ցուցահանդէսին բացումը` Պիելի մէջ: Ցուցահանդէսը ընդգրկեց 1500 ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ մշակութային յայտագիրներ, որոնք ներկայացուցին երեք հարիւր արուեստագէտներ 19 տարբեր երկիրներէ հասած 51 ցուցադրիչներով: Գեղանկարչական այս ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էմակոս» արուեստի ցուցասրահը` «Սերունդներ» խորագիրով. ցուցադրուած էր արուեստագէտ- գեղանկարիչ...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով  Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի   «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ակումբի թաղին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Յայտագիրին սկզբնաւորութեան ակումբի սրահին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքէն ետք քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները կատարեցին այս առիթով զետեղուած յուշատախտակին քողազերծումը: Այնուհետեւ ակումբի թաղին մէջ...

Երեւանի Պետական Համալսարան.  Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով  Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

Երեւանի Պետական Համալսարան. Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը եւ պատմութեան բաժանմունքը երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, գիտաժողով կազմակերպած էին պետական համալսարանի երկրորդ մասնաշէնքին մէջ: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի յանձնախումբը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրէն պատուիրակ մը, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ մուսալեռցիներ: Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու...

Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու Վերամուտ.  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Յոյս Յայտնեց,  Որ Նոր Սերունդը Իր Գործով Կ՛անհետացնէ  Արգելքները Եւ Կը Ստեղծէ Լուսաւոր Միջավայր

Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու Վերամուտ. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Յոյս Յայտնեց, Որ Նոր Սերունդը Իր Գործով Կ՛անհետացնէ Արգելքները Եւ Կը Ստեղծէ Լուսաւոր Միջավայր

Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ երէկ` 17 սեպտեմբեր 2015-ին: Նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց աւարտին եւ դպրոցները բացին իրենց դռները: Վարժարաններուն մէջ ընդհանուր մթնոլորտը ուրախ էր, տօնական եւ խանդավառ: Աշակերտութեան բարի եւ արդիւնաբեր վերամուտ մաղթելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան առաւօտուն այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր աշակերտական հաւաքի ընթացքին վարժարանի տնօրէն...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

16 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Մամլոյ ասուլիսին մասնակիցներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան (Այնճար, Լիբանան), «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան եւ հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով Հարցազրոյց` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի հետ: Զրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ այդ տարիներուն` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ իր ծառայութեան ժամանակաշրջանին գաղութին ապրած դժուար օրերուն մասին: Հարցազրոյցը պիտի սփռուի «Վանայ ձայն»-էն, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով  Հերթական Ձեռնարկը` Նոր Սիսի  «Ազիրեան» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նոր Սիսի «Ազիրեան» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Իշխան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Նախքան սրահ բարձրանալը, ակումբի մուտքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` կատարողութեամբ  Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  դպրաց դասին եւ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի: Ապա հրաւիրուեցան քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները, որպէսզի...

Page 333 of 364 1 … 332 333 334 … 364

Արխիւներ