Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ Ուսուցչաց Համագումար` Վերամուտին Առիթով

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, վերամուտի նախօրեակին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէն խորհուրդը դարձեալ կազմակերպեց ուսուցչաց երկօրեայ աշխատանքային համագումար մը ուրբաթ, 2 եւ շաբաթ, 3 հոկտեմբերին, ՔՋԱԿ-ի մէջ: Սոյն համագումարին մասնակցեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու աւելի քան 40 տեսուչներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Ուրբաթ երեկոյեան համագումարին բացումը կատարեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք...

Մարալ Մանիսալեան (Մանիս) Իր Իւրայատուկ  Մասնակցութիւնը Բերաւ  «Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ Արթ Շօ»  Խորագրեալ Ցուցահանդէսին

Մարալ Մանիսալեան (Մանիս) Իր Իւրայատուկ Մասնակցութիւնը Բերաւ «Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ Արթ Շօ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ուորլտ»-ի եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ՄԱԿ-ի տեղեկատուական կեդրոնին հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ խաղաղութեան նուիրուած «Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ Արթ Շօ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Լա Քրիփթ» սրահին մէջ, Մոնօ: Ցուցահանդէսին մասնակցած էին զանազան երկիրներէ  տաղանդաւոր արուեստագէտներ, գեղանկարիչներ եւ քանդակագործներ, որոնք իրենց ցուցադրած աշխատանքին միջոցով ներկայացուցած էին իրենց իւրայատուկ ներաշխարհն ու արուեստը, ինչպէս նաեւ...

«Փափա Քիւնցլերի Կեանքը  Սիրոյ Գործնական Արտայայտութիւնն Է»  Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Փափա Քիւնցլերի Կեանքը Սիրոյ Գործնական Արտայայտութիւնն Է» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ուոլցընհաուսընի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Փափա Քիւնցլերի յիշատակի ձեռնարկին: Փափա Քիւնցլեր այս գիւղին մէջ անցուցած էր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, նախքան հայ ժողովուրդին օգնութեան համար իբրեւ կամաւոր բժիշկ Ուրֆա մեկնիլը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ուոլցընհաուսի քաղաքապետ Հանսրուտի Պանզիկըր, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի շրջանի...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր-Նամակը` Իրանի Նախագահին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր-Նամակը` Իրանի Նախագահին

Անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաժի ուխտագնացութեան ընթացքին, արկածի հետեւանքով մահացած Իրանի քաղաքացի ուխտաւորներու մահուան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ստորեւ տրուած ցաւակցագիր-նամակը յղեց Իրանի նախագահին: 2 հոկտեմբեր, 2015 Անթիլիաս-Լիբանան Վսեմաշուք դոկտ. Հասան Ռուհանի Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան Խոր ցաւով իմացանք տխուր ու ցնցիչ լուրը այն ցաւալի դէպքին, որ տեղի ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաժի ուխտագնացութեան ընթացքին, եւ որուն...

«Վանայ Ձայն».  «Հաւատքը Սկսած Է Պակսիլ Ամէն Ինչի Նկատմամբ. Մենք Երէկ Արիւն Թափեցինք Մեր Ժողովուրդին Ու Թաղերուն Համար, Մինչ Այսօր Մեզմէ Շատեր Դրամին Եւ Օտարին Առջեւ Կը Տկարանան»  «Բաց Քննարկում»-ի Անդրանիկ Յայտագիրին  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Վանայ Ձայն». «Հաւատքը Սկսած Է Պակսիլ Ամէն Ինչի Նկատմամբ. Մենք Երէկ Արիւն Թափեցինք Մեր Ժողովուրդին Ու Թաղերուն Համար, Մինչ Այսօր Մեզմէ Շատեր Դրամին Եւ Օտարին Առջեւ Կը Տկարանան» «Բաց Քննարկում»-ի Անդրանիկ Յայտագիրին Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի Երէկ` հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սկսաւ սփռուիլ «Բաց քննարկում» յայտագիրը, որ կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Յայտագիրը կը միտի քննութեան առարկայ դարձնել ընդհանրապէս համայն հայութիւնը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ այլ բնոյթի խնդիրներ: Յայտագիրի սկզբնաւորութեան Տեմիրճեան ըսաւ, որ քննարկումները պիտի չունենան սահմանափակումներ եւ հիմնուած պիտի ըլլան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Կը Գտնուի Փափա Քիւնցլերի Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Կը Գտնուի Փափա Քիւնցլերի Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Զուիցերիա տուած պաշտօնական այցելութեան պատուիրակութեան անդամներուն` Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի, լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, «Արմենոֆաս» հիմնարկի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեանի եւ «Արմենոֆաս» յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Հիւնտուիլի բողոքական եկեղեցին, ուր նորածին Քիւնցլեր մկրտուած էր: Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Հիւնտուիլի քաղաքապետին եւ...

Երեւանի Մէջ.  Հայկ Յովսէփեանի Անունը Կրող  Բանակավայրի Բացում

Երեւանի Մէջ. Հայկ Յովսէփեանի Անունը Կրող Բանակավայրի Բացում

ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի մեծ ընտանիքը արդէն ունի նոր բանակավայր: Մինչ մայրաքաղաքի Էրեբունի վարչական շրջանի երեւանեան բանակավայրի վերաբացումը, սկաուտները իրենց բանակումները կը կազմակերպէին Բիւրականի բարձունքին վրայ: Սկաուտները նշած են, որ այս բանակավայրին բացումը ոչ միայն դիւրութիւն կու տայ անընդմէջ բանակումներ կազմակերպելու, այլ իրենց կիրակնօրեայ հաւաքները այստեղ պիտի ըլլան: Բանակավայրի կառուցման աշխատանքները ընթացք առած են 2010-ին: Կազմակերպուած հանդիսութեամբ ոչ միայն վերաբացումը  կատարուեցաւ հանգուցեալ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ի Պատիւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ` Զուիցերիոյ Պետական Անձնաւորութիւններու Ներկայութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ի Պատիւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ` Զուիցերիոյ Պետական Անձնաւորութիւններու Ներկայութեան

Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը տուաւ` վեհափառ հօր Զուիցերիա կատարած այցելութեան ընթացքին: Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Լոխըր, Գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու նախագահը, Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը, Զուիցերիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, վեհափառ հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ քաղաքական...

Միջեկեղեցական Աղօթք`  Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Միջեկեղեցական Աղօթք` Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին հրաւէրով Արամ Ա. կաթողիկոսի Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պեռնի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց: Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր եւ իրեն ընկերացող խումբ մը կղերականներ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, վեհափառ հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբը Կը Մասնակցի  «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Մասնակցի «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

Հոկտեմբեր 2002-էն ի վեր եւ հետեւողականօրէն 13-րդ տարին ըլլալով, Երեւանի մէջ 1-10 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Հայ Ֆեսթ» տարեկան փառատօնը: Սոյն փառատօնին կը հրաւիրուին զանազան երկիրներու թատերախումբերը, որոնք հանդէս կու գան ամէն լեզուներով: Այս տարի փառատօնին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը` Լոռն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, մասնակցութեամբ` գաղութի հանրածանօթ դերասաններ Վարդան...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Ֆրանսահայ Հանրածանօթ  Ջութակահար Ժան Տէր Մերկերեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Ֆրանսահայ Հանրածանօթ Ջութակահար Ժան Տէր Մերկերեան

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 80 տարեկանին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պատուոյ շքանշանակիր, ֆրանսահայ հանրածանօթ ջութակահար, մանկավարժ Ժան Տէր Մերկերեան:

Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ, Արժանավայել Հանդիսութեամբ Եւ Երիտասարդական-Ուսանողական Ջահերթով Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Նահատակներու Բացած Ուղիէն Քալելու Վճռակամութիւնը.

Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ, Արժանավայել Հանդիսութեամբ Եւ Երիտասարդական-Ուսանողական Ջահերթով Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Նահատակներու Բացած Ուղիէն Քալելու Վճռակամութիւնը.

«Համահայկական Մեր Իղձերու Իրագործման Ի Խնդիր, Մենք Պարտաւոր Ենք Գուրգուրալու Հայրենամերձ Այս Գաղութին» Յայտարարեց Յակոբ Հաւաթեան 40 տարի առաջ սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքով հայութիւնը կրեց բազմաթիւ վնասներ, սակայն հայկական միասնական ոգին պահպանեց հայութիւնը, հայկական թաղամասերն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Նահատակներուն յարգանք մատուցելու եւ հաւաքական կամքն ու ուխտը վերանորոգելու համար, 15-28 սեպտեմբերին տեղի ունեցան բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ, որոնց եզրափակիչ հանդիսութիւնը...

Երկու Խօսք

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Լիակազմ Ժողով

Շաբաթ, 19 եւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ին, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Պէյրութի մէջ գումարեց 2014-2018 քառամեակի իր Բ. տարեկան լիակազմ ժողովը, որ գլխաւորաբար զբաղեցաւ Է. Պատգամաւորական ժողովի որդեգրած որոշումներու գործադրութեան ընթացքի խնդիրներով: Առաջին հերթին, Կեդրոնական վարչութիւնը լսեց կազմակերպական շրջաններուն մասին տեղեկատուական զեկոյցներ: Ժողովը ուրախութեամբ արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու համագործակցական ծրագիրներով միատեղ...

Տուներու Պատշգամներն Ու Հրապարակները Տեղադրուած Մոմերով Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Նահատակներուն

Տուներու Պատշգամներն Ու Հրապարակները Տեղադրուած Մոմերով Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Նահատակներուն

Հայութեան եւ Լիբանանի համար ինկած նահատակներուն յարգանք մատուցելու նպատակով, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Հայորդիներ իրենց պատշգամները զետեղեցին յիշատակի մոմեր: Պուրճ Համուտի բազմաթիւ թաղերուն մէջ մոմերով պատկերը խորհրդաւոր էր եւ տպաւորիչ: Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանին, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի, Ամանոսի, Զալքայի եւ Ֆանարի հրապարակներուն...

Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կողքին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կողքին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը եւս կրեց պատերազմին հետեւանքները, սակայն վերականգնեցաւ: Այս առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամներ, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ կատարեցին մոմավառութիւն: Ապա Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին կողքին կատարուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նահատակներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Պիքֆայայի դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ...

Ի Յիշատակ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Լիբանանահայ Նահատակներուն.  Լիբանանահայ Երեք Յարանուանութիւններու Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցան Հոգեհանգստեան Պաշտօններ

Ի Յիշատակ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Լիբանանահայ Նահատակներուն. Լիբանանահայ Երեք Յարանուանութիւններու Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցան Հոգեհանգստեան Պաշտօններ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին առիթով, ի յիշատակ լիբանանահայ նահատակներուն, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ պաշտամունք: Արարողութիւններուն մասնակից հոգեւորականները իրենց պատգամներուն մէջ շեշտեցին, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեր նահատակները մեր թաղերուն տէր կանգնեցան ու իրենց արեամբ պահպանեցին լիբանանահայութեան իրաւունքները: Անոնք յայտնեցին, որ ազգին համար նահատակութիւնը...

«Հայութիւնը Համախմբուեցաւ Իր Ազգային Կառոյցներուն, Նախ Եւ Առաջ Հայութեան Տէր Ու Պաշտպան, Բայց Նաեւ Հաւատարիմ Ծառայ Դաշնակցութեան Շուրջ»  «Սարդարապատ»-Ի Ձեռնարկին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

«Հայութիւնը Համախմբուեցաւ Իր Ազգային Կառոյցներուն, Նախ Եւ Առաջ Հայութեան Տէր Ու Պաշտպան, Բայց Նաեւ Հաւատարիմ Ծառայ Դաշնակցութեան Շուրջ» «Սարդարապատ»-Ի Ձեռնարկին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

«Սարդարապատին վիճակուեցաւ կեդրոնական դերակատարութիւն լիբանանեան պատերազմի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան: «Սարդարապատ» կոմիտէութեան շրջանի աշխարհագրական դիրքը զայն վերածեց Պուրճ Համուտի կեդրոնի», հաստատեց օրուան բանախօս Տիգրան Ճինպաշեան, Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:45-ին «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին: Դալար Նէնէճեան Գօգօ Յակոբեան «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը ...

Կենդանի Վկայութիւններու Ներկայացում` «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Ծիրին Մէջ Կատարուած Ինքնապաշտպանութեան Աշխատանքներուն Մասին

Կենդանի Վկայութիւններու Ներկայացում` «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Ծիրին Մէջ Կատարուած Ինքնապաշտպանութեան Աշխատանքներուն Մասին

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Տիգրան Պէօճեքեան Ժաք Յակոբեան Վարդան Ազնաւուրեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Վարդան Ազնաւուրեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու քաղաքացիական պատերազմի...

Ֆանարի Մէջ.  Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Գործը Շարունակելու Յանձնառութեան Վերանորոգում

Ֆանարի Մէջ. Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Գործը Շարունակելու Յանձնառութեան Վերանորոգում

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Արծիւ Տէր Խաչատուրեան Գէորգ Յակոբճեան Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան Լորի Զեքեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Գէորգ Յակոբճեան ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով արտասանեց բացման խօսքը: Ան նախ...

Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբը Յարգեց Լիբանանահայ Նահատակներուն Յիշատակը

Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբը Յարգեց Լիբանանահայ Նահատակներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Գէորգ Գատեհճեան Դրօ Գասապեան Բացման խօսքը արտասանեց Դրօ Գասապեան: Ան հաստատեց, որ հայը` իբրեւ քաղաքացի, ուր որ ապրած է, յարմարած ու շաղուած է տեղւոյն մշակոյթին ու...

Page 332 of 364 1 … 331 332 333 … 364

Արխիւներ