Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նոր Սիսի «Ազիրեան» Ակումբին Մէջ

Սեպտեմբեր 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

az-1_9-16-15

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Իշխան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

az-2_9-16-15

Նախքան սրահ բարձրանալը, ակումբի մուտքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` կատարողութեամբ  Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  դպրաց դասին եւ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի: Ապա հրաւիրուեցան քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները, որպէսզի կատարեն այս առիթով զետեղուած յուշատախտակին քողազերծումը:

Վարդան Պայրագտարեան
Վարդան Պայրագտարեան
az-5_9-16-15
Գօգօ Աւագեան

Այնուհետեւ ներկաները բարձրացան «Ատուր Գապագեան» սրահ, ուր  Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի անդամ Վարդան Պայրագտարեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975 թուականին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հայ ժողովուրդի թանկագին զաւակները իտէալական նուիրումով  մասնակից դարձան Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերու պահպանման` օտար զինեալներու թափանցումներէն, եւ անոնցմէ մեծ թիւով ընկերներ եւ հայրենակիցներ նահատակուեցան: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց կրկնապատկելու հաւաքական ջանքերը` հայութեան վերադարձնելու համար Նոր Սիսի թաղամասը, նաեւ բարգաւաճ  իրավիճակի մը ստեղծման` առ ի յարգանք մեր հերոս նահատակներուն:

Ապա Ֆիլիփ Ժինեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Ընկերներ կան» քերթուածը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Գօգօ Աւագեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերուն ՀՅԴ-ն  եւ իր ակումբները իրենց ուսերուն վրայ առին թաղերու հսկողութիւնը եւ տղաքը առանց խտրութեան բոլորն ալ կամովին պահակութիւն ըրին իրենց թաղամասերուն հսկելու, նաեւ շրջանի բնակիչներուն ուտեստեղէնի եւ կենսական պիտոյքներու մատակարարում կատարեցին: Ապա ան թուեց այդ նուիրեալներէն ոմանց անունները, ինչպէս` Թորոս Նաճարեան, Սարգիս Թաքաճեան, Օննիկ Փափազեան, Խաչիկ Մինասեան, Եանքօ Կէրէքմէզեան, Սահակ Մանուկեան, Պարոյր Տուտաքլեան, Մովսէս Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուց անոնց մասին ամփոփ տեղեկութիւններ:  Ան յիշեց նաեւ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղէն Լիզպոնի գործողութեան նահատակ Սարգիս Աբրահամեանը, նաեւ շրջանի երիտասարդականէն Եղիկ Գայայեանը, որոնք Լիբանանի պատերազմի օրերուն հասակ առին եւ աշխարհի չորս ափերուն լսելի դարձուցին ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի անունները:

«Լիբանանը հիւրընկալեց մեզ 1915-ի ջարդերէն ետք… Լիբանանահայը մինչեւ օրս եղաւ տիպար քաղաքացի իր երկրորդ հայրենիքին մէջ: Մինչ ՀՅԴ-ն յանձնառու մնաց իր առաքելութեան` հայութեան պահպանման գործին մէջ, եւ անոր համար թանկագին տղաք կորսնցուցինք», հաստատեց Գօգօ Աւագեան` աւելցնելով, որ բոլոր զոհուածներն ու նահատակները կենդանի օրինակներ են ազգանուէր ծառայութեան, գիտակից զոհաբերումի եւ անխառն խիզախութեան, որոնք ՀՅԴ-ի գաղափարներով լիցքաւորուած են: «Անոնք իրենց նահատակութեամբ կը միանան անմահներու փաղանգին, անոնց, որոնք իրենց մահով կեանք պարգեւեցին հայ ժողովուրդին», եզրափակեց բանախօսը:

az-6_9-16-15

Աւարտին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  դպրաց դասը մեկնաբանեց «Խուժան ազգեր», «Զարթիր որդեակ», «Տէր ողորմեա» եւ «Կիլիկիա» երգերը, որմէ ետք ակումբի «Սագօ Սարգիսեան» սրահին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ:

 

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Լարուած Է

Յաջորդը

Նշմար. Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն Ու Գաղթականներու Հարցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Յունիս 12, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?