Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

Սեպտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

rou-1_9-17-15

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ակումբի թաղին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

rou-5_9-17-15

rou-3_9-17-15Յայտագիրին սկզբնաւորութեան ակումբի սրահին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքէն ետք քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները կատարեցին այս առիթով զետեղուած յուշատախտակին քողազերծումը:

rou_9-17-15Այնուհետեւ ակումբի թաղին մէջ ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շանթ Սալպաշեան: Ան նկատել տուաւ, որ 13 ապրիլ 1975 թուականին, երբ սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ոչ ոք կրնար երեւակայել, որ անիկա պիտի երկարէր 15 տարի եւ աւարտէր 13 հոկտեմբեր 1990-ին: Ան յայտնեց, որ ամէն կողմ քաղաքներու եւ բնակարանային շրջաններու մէջ հրացանաձգութիւն, ռմբակոծում, սպանութիւն, առեւանգում, աւեր, թալան, քանդում կար եւ այդ պատճառով սկսաւ պահակութեան դրութիւնը ակումբներուն մէջ թէ անոնցմէ դուրս` հայահոծ թաղերուն մէջ, եւ ամէն մարդ այդ գործին նետուեցաւ հաւատալով, որ սուրբ եւ նուիրական գործ կը կատարէր: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ունեցաւ բազմաթիւ նահատակներ, որոնք ինկան հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին: «Յետեղեռնեան հայ կեանքի ամէնէն անկիւնադարձային հանգրուաններէն մէկը կը կազմէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Պատերազմը զայն ապրող սերունդին աչքերով, ռումբերով, քանդումներով չգրուեցաւ միայն: Զայն գրեցին մարդիկ, հերոսներ, նահատակներ` իրենց խիզախումներով, հաւաքականութեան մը տէրն ու պաշտպանը ըլլալու համոզումով», շեշտեց Սալպաշեան` աւելցնելով, որ ամբողջ Պուրճ Համուտը իր տարբեր դասակարգերով մէկ բռունցք եւ մէկ ընտանիք դարձած էր: «Անոնցմէ շատեր զոհուեցան եւ 20-րդ դարու ֆետայիները եղան: Անոնք նուիրեալ հայեր էին. անշահախնդիր, պարտաճանաչ, եւ  առանց ընկրկելու մնացին միշտ պատնէշի եւ իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ», եզրափակեց Սալպաշեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, ուր ներկայացուած էր պատերազմի օրերուն շրջանին մէջ տիրող մթնոլորտը:

rou-2_9-17-15Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան: Իր խօսքին սկիզբը ան անդրադարձաւ Նորաշէնի շրջանի ռազմավարական նշանակութեան, որ պատճառ դարձաւ շրջանին մէջ ահազանգային դրութեան ստեղծման: Ան նկատել տուաւ, որ դժուար էր գիտնալ եւ վերլուծել պատերազմը սկսելուն պատճառը:  Ան ըսաւ, թէ պատերազմը այլազան փոփոխութիւններ կրեց, եւ միջյարանուանական կռիւներ տեղի ունեցան: «Այս միջոցին քաղաքական երեք կուսակցութիւնները հասկցան, որ այս ժամանակաշրջանին մեզ կը հետաքրքրէ Լիբանանի ապահովութիւնը, միասնականութիւնը, պետականութեան գոյութիւնը եւ մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը», հաստատեց Ճինպաշեան` աւելցնելով, որ ասոր իբրեւ հետեւանք ծնունդ առաւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ մեր ժողովուրդը միասնականութեամբ կատարեց ինքնապաշտպանութիւն, եւ երիտասարդները կամաւոր կերպով ընդառաջեցին որեւէ ծառայութեան:

Խօսելով  այդ ժամանակաշրջանին մեր ակումբներու դերակատարութեան մասին` բանախօսը հաստատեց, որ մեր ակումբները ստանձնեցին պետութեան գործառոյթները, որովհետեւ պետութիւնը չկրցաւ իր պարտականութիւնը կատարել: Խօսելով Դաշնակցութենէն ժողովուրդի ակնկալութեան մասին` ան հաստատեց, որ որեւէ դժուարութեան ատեն անիկա կը դիմէր Դաշնակցութեան, որ պատրաստակամութիւնը ունէր միշտ անսակարկ ծառայելու հայութեան եւ կատարելու իրմէ ակնկալուածը, ինչպէս ապահովութիւն, սնունդի եւ ջուրի մատակարարում, քաղաքացիական ծառայութիւն, արդարադատութիւն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ «մենք կ՛ուզէինք տագնապը լուծել դրական միջոցներով, ի հարկին նաեւ կռուելով, ինքնապաշտպանութեան դիմելով եւ ասոր իբրեւ հետեւանք մենք եւս զոհեր տուինք», եւ թուեց Նորաշէնի շրջանէն եօթը նուիրեալներու անունները. Սարգիս Ֆուճուրեան, Յակոբ Պայրագտարեան, Վարդան Ալեմէզեան, Մանօ Պոյաճեան, Հրայր Վարդանեան, Րաֆֆի Զատիկեան, Լեւոն Քէօլէեան:

Այնուհետեւ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Սագօ Եագուպեան շուիի վրայ նուագեց «Տըլէ եաման» երաժշտական կտորը, որմէ ետք պատերազմի նուիրեալներ Սարգիս Ֆուճուրեանի եւ Րաֆֆի Զատիկեանի ընտանեկան պարագաները բեմ բարձրանալով ստացան յուշանուէրներ` ձեռամբ «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդան Մամիկոնեանի:

Ձեռնարկի աւարտին Յարութ Լափաճեան երգեհոնի վրայ` ընկերակցութեամբ Աւօ Չալեանի մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով:

Նախորդը

Երեւանի Պետական Համալսարան. Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Ըստ «Հայաթ» Օրաթերթին. Իրաքեան Ապահովական Մարմինները Կը Սպասեն Միջնորդութեանց Ճամբով Թուրք Աշխատաւորներու Ազատ Արձակման

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?