Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Սեպտեմբեր 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghpal4_9-18-15

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

aghpal3_9-18-15
Հուրի Ղազարեան
aghpal1_9-18-15
Արի Կարպուշեան

Արդարեւ, Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Ղազարեան: Իր խօսքին սկիզբը ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու քաղաքացիական պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը: Ան յայտնեց, որ քաղաքացիական պատերազմը անմիջական ոչ մէկ աղերս ունէր հայ ժողովուրդին հետ, սակայն անգամ մը եւս կը վտանգուէր մեր ազգի խաղաղ գոյութեան իրաւունքը` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն, հաւատարիմ մնալով իր դարաւոր տեսլականին եւ հաւատամքին, զէն ի ձեռին լծուեցաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան օրհնեալ ու նուիրական գործին եւ զոհաբերեց իր երդուեալ զաւակներէն փաղանգ մը: «Իրենց պարծանքի փառքին արժանացած նահատակները մեր ոգեկոչման կարիքը չունին: Մենք է, որ անոնց յիշատակով անգամ մը եւս մեր ուխտը վերանորոգելու եւ հաւատքը ամրապնդելու կարիքը ունինք», եզրափակեց Հ. Ղազարեան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը ներկայացուց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, որմէ ետք Արի Կարպուշեան արտասանեց «Ընկածները» քերթուածը:

aghpal_9-18-15aghpal2_9-18-15Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին նահատակուած հերոսները յիշատակելու ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի սոյն նախաձեռնութիւնը կարեւոր ուղերձներ կը պարփակէ իր մէջ, ինչպէս` գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն ցուցաբերուած արհեստավարժութեան բարձր մակարդակը, այսինքն` ամբողջ ինքնապաշտպանութեան մարտերու ոչ միայն կազմակերպումը, այլ նաեւ պետութենէ մը ակնկալուած արտակարգ իրավիճակներու գերատեսչական գործի ընդհանուր համակարգի մը փայլուն կատարողականութիւնը:

Շ. Գանտահարեան նկատել տուաւ, որ քաղաքացիական պատերազմի հերոսները պաշտօնական բանակի մը զօրավարները, հրամանատարները չէին, այլ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան զինուորագրեալներն էին, որոնք սիրայօժար կամաւոր կը խմբուէին Դաշնակցութեան կեդրոնատեղիներուն մէջ` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան գործին:

«Եւ ճիշդ է, որ նախ եւ առաջ ամէնէն աչքառուն, գործին ձգած տպաւորութեամբ  իսկ` զինուորական բաժինն է, որ առինքնող ու հմայիչ ազդեցութիւններով կ՛երեւայ իր ամբողջութեան մէջ, այսուհանդերձ անոր զուգակցող եւ անկէ առաջ զայն ղեկավարող քաղաքական բաժինը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան եւ սփիւռքահայ քաղաքական մտածողութեան ամէնէն յատկանշական էջերէն կարելի է նկատել», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ հայութիւնը իր կուսակցութիւններով ունեցած էր այն գիտակից ու առողջ որոշումը կայացնելու բացառիկ հմտութիւնը, մնալու միասնական եւ հակադիր ուժերու միջեւ պահելու ոչ միայն համայնքային, այլ նաեւ աշխարհագրականօրէն ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող միջավայրին չէզոքութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը` Գանտահարեան նկատել տուաւ, որ երեւոյթներու ծալքերուն մանրամասն պեղումը, գիտական ուսումնասիրութիւններն ու ճիշդ եւ առարկայական գնահատականներ տալը հաւանաբար օգտակար կը հանդիսանան ճիշդ գաղափար մը կազմելու այդ հսկայական ներուժի մասին, որ հայահոծ թաղերու պաշտպանութենէն անդին գաղափարի սպասարկուն էր, պայծառ գաղափարախօսութեան մը ճամբայ հարթողը եւ գաղութը  համազգային իղձերու եւ քաղաքական առաջադրանքներու ծառայեցնող ուժը:

Ան յիշատակեց շրջանի նուիրեալներէն Սերժ Թովմասեանը, Պարոյր Տուտագլեանը, Րաֆֆի Պաստըրմաճեանը, Կարօ Գափլանեանը` շեշտելով, որ նոյն նպատակին կը ծառայեն անոնց նահատակուիլը եւ արցախեան ճակատամարտին զոհ գացած նահատակներուն կատարած աշխատանքը:

Աւարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մուտքին տեղի ունեցաւ յուշատախտակի զետեղում, որմէ ետք Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան պահպանիչով օրհնեց զայն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի շեփորախումբին:

 

 

Նախորդը

«Էմակոս» Արուեստի Ցուցասրահը «Սերունդներ» Խորագիրով Մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի Վեցերորդ Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Կարօ Մանճիկեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?